Քոպանին Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն


Սերտար Քորուջուն «Ակօս»ի մէջ հրատարակուած իր յօդուածին մէջ կը պատմէ, թէ Քոպանին, որուն մասին քիւրտ առաջնորդները կ՚ըսեն, թէ «եթէ իսլամական բանակին կողմէ գրաւուի, ապա ցեղասպանութիւն կրնայ իրագործուիլ հոն», 100 տարի առաջ ի՞նչ վիճակի մէջ էր Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ:

Ակունք – 20-րդ դարու սկիզբը Քոպանին սովորական կայան էր` 1912-ին  բացուած Գոնիա-Պաղտատ երկաթուղագիծին վրայ:

Այրած դիակներ

Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կատարուածներու վերաբերեալ Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոս Վոլթէր Ռոսլէրի՝ Գերմանիոյ վարչապետ Թէոպալտ Վոն Պեթման Հոլվեգին ուղղուած զեկոյցներուն մէջ Քոպանին կը յիշատակէ որպէս «Արաբ Փունար»:

Վոլթէր Ռոսլէրը 1915-ի օգոստոս 13-ի իր զեկոյցին մէջ կ՚անդրադառնայ օգոստոս 11-ին իրեն ուղարկուած «աւստրիացիի մը գրածներուն», որտեղ տեղ գտած տեղեկութիւններուն մէջ կը նշուի այդ շրջանին մէջ ցեղասպանութեան զոհերու այրած դիակներու մասին. «Ուրֆա-Արաբ Փունար ճանապարհին հաւանաբար մթութեան պատճառով դիակ չէի տեսներ, սակայն վարորդս, որ շարունակ այս ճանապարհով կ՚երթար, ժամանակ առ ժամանակ այրած վայրեր ցոյց կու տար, քանի որ սպաննուած մարդոց մարմինները անմիջապէս նոյն վայրին մէջ կ՚այրէին»:

56 աստիճան տաք
Գրութիւններուն մէջ անդրադարձ կայ նաև ցեղասպանութեան կարաւաններուն մասին. «Որոշ կարաւաններ ցաւագալար կը հաւաքուին և աղաղակներ արձակելով` յառաջ կը շարժին: Որևէ անծանօթ ճամբորդի հանդիպելու պարագային այս խեղճ մարդոց մեծամասնութիւնը ծնկաչոք օգնութիւն կ՚աղերսէին եւ կամ ալ` կը խնդրէին, որ իրենց երեխաներուն գոնէ վերցնեն: 56 աստիճան տաքի և ջուրի բացակայութեան պայմաններուն մէջ մեծ մասը կը մահանար, իսկ ողջ մնացածներու մահն էլ մօտ էր»:

Ուրֆայէն Սուրիոյ անապատներ երկարող ճանապարհին վրայ գտնուող շրջանը ցեղասպանութեան զոհերու մեծ մասին համար մահուան ճամբորդութեան վերջին կանգառն էր: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.