Արցախի Բանակը Ձախողեցուցած Է Ատրպէյճանական Գործողութիւն Մը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կանխած է հակառակորդին ձեռնարկած հետախուզական-ներթափանցման գործողութիւն մը։ Ըստ հաւաստի աղբիւրներու՝ հայկական կողմը կանխարգիլող հարուած հասցուցած է, եւ հակառակորդը 5-7 զոհ տուած է:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացած է 1995ի ծնունդ Գարիկ Արտեմի Իսպիրեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան այս մասին «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Ադրբեջանի ահաբեկչական-ֆաշիստական էութիւնը ապացուցուեց եւս մէկ անգամ՝ Դեկտեմբերի 8ին ղարաբաղա-ադրբեջանական սահմանի արեւելեան հատուածում իրականացուած դիւերսիոն գործողութեան ժամանակ»։ Անոր համաձայն՝ հայկական կողմին համար նորութիւն չէ Ատրպէյճանի կերպարն ու գործողութիւնները, սակայն նման գործողութիւններով անգամ մը եւս կը փաստուի այդ երկրին ահաբեկչական ըլլալը՝ միջազգային հանրութեան աչքին դիմաց:
«Սա առաջին դէպքը չէ, եւ նախորդ բազմաթիւ դէպքերի պէս Ադրբեջանի զինուժը յետ է շպրտուել», յայտնած է Դաւիթ Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ սահմանին վրայ իրավիճակը վերահսկելի է. լարուածութիւն կայ, սակայն սահմանին վրայ հայկական զինուած ուժերը իրավիճակին տէր են:
«Խուճապ չկայ ոչ երկրում, ոչ էլ, առաւել եւս, սահմանին: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանական բանակը վերահսկում է իրավիճակն ու խուճապի որեւէ առիթ չկայ եւ չի էլ կարող լինել», շեշտած է Բաբայեան:
Միւս կողմէ, ատրպէյճանական «Ինթերֆաքս-ազերպայճան» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ 7 Դեկտեմբերի երեկոյեան ատրպէյճանական բանակի զինուոր մը զոհուած է, երբ անոնց ինքնաշարժը պայթած է ականի վրայ, Ղազախի շրջանի Պալաջաֆարլի գիւղին մօտ:
Արտակարգ պատահարին պատճառով ստացած վէրքերէն մահացած է Ղազախի շրջանի Ֆարահլի գիւղէն զինուոր, երկու երեխաներու 35ամեայ հայր Քոշքար Քուրպանովը: Նոյն շրջանի Խանըքլար գիւղէն՝ Էշքին Շահրալիեւը ծանրօրէն վիրաւորուած եւ փոխադրուած է հիւանդանոց: Կ՛ենթադրուի, որ միջադէպը տեղի ունեցած ըլլայ, երբ ինքնաշարժը ականի վրայէն անցած է։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը փաստին առնչութեամբ տակաւին լուռ կը մնայ:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը ժամանակին չի հրապարակեր բանակին մէջ տեղի ունեցող մահերուն մասին՝ փորձելով քողարկել զանոնք։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տուեալներով՝ ասիկա 2014 թուականի Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին Ատրպէյճանի բանա-կային կառոյցներուն մէջ յայտնի դարձած մահուան չորրորդ միջադէպն է, եւ 85րդը՝ ամբողջ տարուան ընթացքին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.