«Քեսապի Երեք Օրերը» Եւ «Քեսապի Շրջանի Պատմական Յուշարձանները» Գիրքերու Շնորհահանդէս


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացած է նշանաւոր գիտնական, մանկավարժ, գրող Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապի Երեք Օրերը» եւ Րաֆֆի Քորթոշեանի «Քեսապի Շրջանի Պատմական Յուշարձանները» գիրքերու շնորհահանդէսը:
Բարձր գնահատելով 21-23 Մարտ 2014ին տեղի ունեցած Քեսապի դէպքերուն իբրեւ հետեւանք Հայաստան տեղափոխուած ականաւոր գիտնական, հայաբնակ Քեսապ գիւղի տարեգիր Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապի Երեք Օրերը» յուշագրութիւնը՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է. «Այս գիրքը բերում է 2014թ. Մարտին Քեսաբի շրջանի ամբողջական հայաթափման ու այդ դէպքերին նախորդող իրավիճակներին ականատես հեղինակի վկայութիւնները: Տեղեկատուական, պատմական, ազգագրական տեղեկութիւնները տրուած են պահի ապրումի եւ մտածումի հետ»:
Հեղինակը մասնագիտական շրջանակներու մէջ ճանչցուած է իբրեւ Քեսապի եւ Անտիոքի շրջանի հայերուն նուիրուած պատմա-ազգագրական, բարբառագիտական, բանագիտական շարք մը ուսումնասիրութիւններով:
«Ցաւ է, որ Քեսաբի դէպքերը առիթ դարձան այս յուշագրութեան ստեղծմանը, բայց յոյսով ենք, որ Յակոբ Չոլաքեանի յաջորդ գիրքը պիտի դառնայ «Քեսապի վերածնունդը», յայտնած է նախարարը:
Անդրադառնալով Րաֆֆի Քորթոշեանի «Քեսապի շրջանի պատմական յուշարձանները» գիրքին՝ նախարարը կարեւոր նկատած է հեղինակին կողմից Քեսապի մէջ պատմական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան նպատակով իրականացուած գիտարշաւներու աշխոյժ մասնակցութիւնը եւ նիւթին առնչուող գրաւոր աղբիւրներու ամբողջական ուսումնասիրութիւնը, անոնց ամրակայումը՝ իբրեւ պատգամ յաջորդող սերունդներուն՝ իրենց մշակութային աւանդներուն տէր կանգնելու։ «Այս գիրքը կարեւոր տեղեկատուական աղբիւր կը դառնայ շրջանի պատմութեանը նախանձախնդիր քեսաբցիների, ոլորտի մասնագէտների, յատկապէս հայկական գաղթավայրերի պատմութեամբ ու մշակոյթով հետաքրքրուողների եւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար», ըսած է նախարարը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան՝ գիրքերը արժեւորելուն համար, Յակոբ Չոլաքեան եւ Րաֆֆի Քորթոշեան հաստատած են, որ շատ ծանր էր Քեսապի դէպքերուն ականատես ըլլալը եւ նոյնքան դժուար՝ այդ ամէնը փաստերով գրի առնելն ու լուսանկարելը: Նշուած է, որ երկու գիրքերը կարծես մէկ միասնութիւն ըլլան:
Աշխատութիւններուն վերաբերեալ գնահատանքի խօսքով հանդէս եկած են սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Ուրուկուէյի Հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլնճեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեանը, ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, ԵՊՀ պատմութեան ամպիոնի դասախօս Հայկազ Յովհաննիսեանը, ԵՊՀ հայ գրականութեան պատմութեան ամպիոնի վարիչ Սամուէլ Մուրադեանը, ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժնի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Մելքոնեանը:
Շնորհահանդէսին մասնակիցները դիտած են նաեւ հայաբնակ Քեսապի պատմութիւնն ու տեղահանութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.