Լոնտոն Կը Հրապարակէ Ցեղասպանութեան Առնչուող 54 Փաստաթուղթեր
ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 30ին, համացանցի վրայ հրատարակած է «Հայկական ջարդերը եւ ՄԹ քաղաքականութիւնը» վերնագիրով 54 փաստաթուղթեր՝ գրուած Ապրիլ 14, 2009էն Յունիս 27, 2014ի միջեւ:
Փաստաթուղթերը կը պարունակեն արտաքին գործոց նախարարութեան տարբեր բաժանմունքներու կողմէ գրուած նամակներ՝ Միացեալ Թագաւորութեան նախարարներու եւ պատգամաւորներու, ինչպէս նաեւ «Տեղեկութեան ազատութեան օրէնք»ին հիման վրայ Մարտ 14, 2014ին, թիւ 0298-14 դիմումը ներկայացնողին, որուն եւս ուղարկուած են վերոյիշեալ փասթաթուղթերը՝ Յունիս 27, 2014ին:
Դիմում ներկայացնողը պահանջած է «Հայկական Ցեղասպանութեան» եւ «Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ նորին վեհութեան քաղաքականութեան» վերաբերեալ բոլոր փաստաթուղթերը՝ Հոկտեմբեր 16, 2008էն ասդին:
Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժինէն կը տեղեկացնեն, թէ դիմում ներկայացնողին չեն տրամադրեր բոլոր փաստաթուղթերը, որովեհետեւ օրէնքը կ՛արտօնէ չհրապարակել այն փաստաթուղթերը, որոնց բովանդակութիւնը կրնայ վնաս հասցնել Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին քաղաքականութեան, կամ այնպիսի նիւթեր, որոնք արդէն հրապարակուած են եւ դիմում ներկայացնողը շատ հաւանաբար արդէն ունի զանոնք:
Հոկտեմբեր 16, 2008ն այն թուականն է, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Միացեալ Թագաւորութեան կեցուածքին վերաբերող նիւթեր տրամադրուած են իրաւաբան Ճեֆրի Ռապըրթսընին, որ այդ նիւթերուն հիման վրայ, Հոկտեմբեր 9, 2009ին հրապարակեց ուսումնասիրութիւն մը՝ «Արդեօք տեղի ունեցա՞ծ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Յղումներով՝ արտաքին գործոց եւ հասարակապետութեան նախարարութեան փաստաթուղթերուն, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս բրիտանացի նախարարներ, խորհրդարանն ու ժողովուրդը ապակողմնորոշուած են» նիւթով:
Այս օրերուն, Աւստրալիոյ (Հոկտեմբեր 1, 2014, «Vintage Australia»), Քանատայի (Հոկտեմբեր 7, 2014, «Biteback»), Միացեալ Նահանգներու (Հոկտեմբեր 7, 2014, «Biteback») եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ (Հոկտեմբեր 16, 2014, «Biteback Publishing»), որպէս գիրք լոյս կը տեսնէ նոյն հարցին մասին Ճեֆրի Ռապըրթսընի աւելի ընդարձակ ուսումնասիրութիւնը՝ «Անյարմար Ցեղասպանութիւն Մը. Այսօր Ո՞վ Կը Յիշէ Հայերը» («An Inconvenient Genocide: Who Now Remembers the Armenians?»):
Գիրքը նաեւ կ՛անդրադառնայ այս նորագոյն հրապարակուած փասթաթուղթերով դրսեւորուած բրիտանական եւ ընդհանրապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ մերժող քաղաքականութեան երկերսայնութեան եւ սնանկութեան:
Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի յանձնախումբի (ANC of UK) պատասխանատու Սեւան Արթին, արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակումին առիթով ըսաւ. «Ճեֆրի Ռապըրթսընի նման ազդեցիկ իրաւաբանի մը կողմէ գրուած այս գիրքը չէր կրնար անտարբեր ձգել Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ շտապեց հրապարակել հարցին առնչուած եւ հեղինակին տրամադրուած փաստաթուղթեր՝ այդպիսով փորձելով ինչ որ ձեւով մը ինքզինք արդարացնել, նոյնիսկ՝ նախքան գիրքին հրատարակութիւնը այստեղ: Նոր տուեալներու հիման վրայ՝ Միացեալ Թագաւորութեան կեցուածքը վերագնահատելու պատուէրը իրաւաբան Ռապըրթսընին տուած ենք մենք՝ Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի յանձնախումբը: Մենք նաեւ գնած ենք գիրքէն հազար օրինակ՝ թիրախաւորուած տարածելու համար քաղաքական, լրատուական եւ այլ շրջանակներու: Նաեւ՝ ծրագրած ենք գիրքին շնորհահանդէս կազմակերպել խորհրդարանէն ներս»:
Գիրքը կարելի է գնել www.amazon.com կայքէն։