Ցեղասպանութեան Մասին Թուրք Ոստիկանին Գիրքը Լայն Արձագանգ Կը Գտնէ


 

«Հայ Թերթ»ը կը գրէ, որ վերջերս թուրք գրականագէտներու ուշադրութեան առարկան դարձած է թուրք ոստիկանի մը հեղինակած «Արսինէ. Աքսորուած Հայ Աղջիկ Մը» գիրքը. նոյնիսկ կ՛առաջարկուի, որ հեղինակը իբրեւ թեկնածու ներկայացնել 2015ի Նոպէլեան գրականութեան մրցանակին:

 
Մարտին տպագրուած գիրքի շապիկին վրայ պատկերուած «հայկական խաչ»ին պատճառով շատերու կողմէ պոյքոթի ենթարկուած հատորին մէջ, գրողը 1915ի իրադարձութիւնները Ցեղասպանութիւն որակած է:

Ցարդ, 5 ստեղծագործութեանց հեղինակ եւ Անգարայի ոստիկանութեան աշխատակից Ալի Պայրամ նախապէս գրած է նաեւ կանանց դէմ բռնութիւններու, ոստիկաններու անձնասպանութիւններու, երեխայ-հարսերու եւ երեխաներու շահագործման մասին:

Գիրքի շապիկի ներքին մասին վրայ գրուած է. «Հայերու տեղահանութեան օրերէն գաղտնի մնացած, թաքուն պահուած շատ պատմութիւններ կան։ Տեղահանութեան ընթացքին ծնած Արսինէին՝ «Այշէ մեծ մայրիկ»ի վերածուիլը ցաւերով լեցուն եղած է։ 100 տարի առաջ ցաւով, մահով ու տառապանքով սկսած Արսինէի կեանքը կ՛աւարտի իբրեւ Այշէ՝ ուրախութեամբ եւ արցունքներով»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.