Իսլամ Ծայրայեղականները Կը Մօտենան Իրաքի Քրտական Շրջաններուն


ԱՐՊԻԼ, Իրաք, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի քրտական ուժերուն՝ փեշմերկաներուն, եւ իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն միջեւ բուռն բախումները շարունակուեցան Հինգշաբթի, Օգոստոս 7ին. անոնց հետեւանքով, իսլամ ծայրայեղականները հասան քրտական շրջանային կառավարութեան մայրաքաղաք Արպիլի սահմանները։ Անոնք նաեւ գրաւեցին Մուսուլի ջրամբարը եւ մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող Քարքոշ քաղաքը՝ տասնեակ հազարաւոր քրիստոնեաներու տեղահանութեան պատճառ դառնալով։
Սակայն, փեշմերկաներու հարցով նախարարութեան բանբեր զօր. Հելքիւրտ Հիքմաթ յայտնեց, որ ներկայ ճակատամարտը կը բաղկանայ քանի մը հանգրուաններէ. առաջին հանգրուանը աւարտած է եւ «շուտով աւետիս մը պիտի տանք»:
Մինչ այդ, իրաքեան օդուժին եւ փեշմերկաներուն միջեւ գործակցութիւնը կը շարունակուի: Քրտական շրջանի խորհրդարանի բանբեր Թարեք Ճոհար յայտնեց, որ փեշմերկաներու հարցով նախարարութեան եւ Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութիւնն ու համակարգումը «դրական քայլ են»՝ իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ ճակատամարտը արագ կերպով վճռելու ուղղութեամբ:
Իրաքի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց, որ իրաքեան օդուժին կողմէ ռմբակոծումի մը պատճառով, Մուսուլի մէջ սպաննուած են իսլամ ծայրայեղական 130 զինեալներ, ներառեալ՝ ղեկավարներ:
Նաեւ, Պաղտատի մօտ Իրանի դեսպան Հասան Տանահի յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է Մուսուլ քաղաքէն տեղահանուած քրիստոնեայ գաղթականներու տառապանքները մեղմացնելու՝ ցաւ յայտնելով իրաքեան հասարակութեան եւ մասնաւորաբար քրիստոնեաներուն վրայ ծայրայեղականներու յարձակումներուն պատճառած վնասին համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.