Հայաստանի Վարչապետը Ընդունած Է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը


Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը` վարչապետ Աբրահամեան բարձր գնահատած է կառոյցին դերը հայապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ եւ կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու իւրաքանչիւր ողջմիտ առաջարկի գործադրութեան:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան նախ Յովիկ Աբրահամեանին ներկայացուցած է Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ապա անդրադարձած է 31 յուլիսին Երեւանի մէջ` դէպի Հանրապետութեան հրապարակ երթով սկսած Համա-ՀՄԸՄ-ական տասներորդ բանակումին: Ան տեղեկացուցած է, որ բանակումը 10 օրերու ընթացքին Բիւրականի բանակավայրին մէջ համախմբած է 17 երկիրներէ շուրջ 730 երիտասարդներ` հայրենիքին ծանօթանալու, սկաուտական գիտելիքները ամբարելու եւ փոխանակելու նպատակով: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած են վարչապետ Աբրահամեանին` կազմակերպութեան գործունէութեան աջակցելու պատրաստակամութեան համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.