Պաշտօնական Բացում` Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքին (Ֆորում)


Համազգայինի 20-րդ ուսանողական հաւաքի (ֆորում) պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 19 յուլիս 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի, հաւաքի երկար տարիներու դասախօս եւ դաստիարակչական բաժինի պատասխանատու դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի, ինչպէս նաեւ համազգայնականներու եւ Համազգայինի բարեկամներու:

Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Հայաստանի Համազգայինի հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի ծագումը, ամբողջ աշխարհի մէջ անոր տարածումն ու գործունէութեան լայնածաւալ դաշտը, ապա` հաւաքին պատմականը: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը 20 տարիներ առաջ երիտասարդական-ուսանողական հաւաքը (ֆորում) ստեղծելու գաղափարը յղացած է, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հաւաքը հայրենիքի մէջ կազմակերպելու կարեւորութեան:

Ապա, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան անդրադարձաւ հաւաքի ծրագիրի կարեւորութեան եւ հայրենիքի մէջ կազմակերպուելու անհրաժեշտութեան:

Ֆորումականներուն բարի գալուստ մաղթեց նաեւ հաւաքի դաստիարակչական բաժինի վերահսկող անդամ դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, որ շեշտը դրաւ հաւաքին ոգիին եւ հայկական շունչին վրայ` ըսելով, որ իւրաքանչիւր ֆորումական Հայաստանէն տուն պիտի մեկնի ալ աւելի հայացած եւ իր շրջապատը ուղղէ դէպի հայրենիք:

2014-ի հաւաքի ընդհանուր պատասխանատու Արա Բարսեղեան ամփոփ կերպով խօսեցաւ անոր յաջողութեան գլխաւոր բանալիին` կարգապահութեան ու օրէնքներու յարգումին մասին: Ան խնդրեց բոլորէն ճշդապահ ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականացնել, փոխանցեց կեցութեան հետ կապուած անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ` հաւաքի ընթացքին եւ յանձնախումբերու աշխատանքներուն մասին մանրամասնութիւններ:

11 շրջաններէ` Հայաստանէն, Արցախէն, Թիֆլիսէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն եւ Պրազիլէն ժամանած հայ ուսանողները իրենք զիրենք ներկայացուցին եւ իրարու հետ ծանօթացման առաջին հանգրուանէն ետք ճաշեցին, բարձրացան փոխադրակառք եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ այցելեցին Երեւանի պատմութեան թանգարան, Սասունցի Դաւիթի արձանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Մայր Հայաստան յուշարձան: Իւրաքանչիւր վայրի մասին հաճելի եւ օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցուեցան:

Յոգնութեան եւ անքնութեան դիմադրելով ֆորումականները պատրաստուեցան ու մեկնեցան «Երեւանեան գիշերներ» ճաշարան, ուր շարունակուեցաւ արդէն իսկ սկսած ընկերական մթնոլորտի ամրապնդումը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.