ՀԱՅԵՐԸ ՄՈՒՍՈՒԼԻ ՄԷՋ
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՈՒՍՈՒԼԻ ՄԷՋ
Այժմու Իրաքի հիւսիսային հինգ նահանգներէն մէկն է Նինուէ: Սահմաններն են, հիւսիսէն՝ Թուրքիան եւ արեւմուտքէն՝ Սուրիան: Նահանգին կեդրոնն է Մուսուլ որ Իրաքի երկրորդ ամենամեծ քաղաքն է ներկայիս: Մուսուլ՝ պատմական հին ասորական Նինուէ քաղաքի դիմացի կողմը՝ Տիգրիս գետի աջ ափին է, հիմնուած հին ժամանակներէ մնացած փոքր գաղթավայրերու միացումով:
Միջագետքի հիւսիսային սահմանին վրայ հայ գաղթօճախներ կը սկսին ստեղծուիլ 10րդ դարուն երբ Բիւզանդական Կայսրութիւնը յաջողեցաւ գրաւել խալիֆայութեան ձեռքէն Սուրիոյ եւ Միջագետքի հիւսիսային շրջանները: Այս շրջաններու բնակչութիւնը ձգելով իրենց բնակավայրը կը հեռանային նահանջող բանակին ետեւէն: Բիւզանդացիներ իրենց գրաւած վայրերուն մէջ կը բերէին ու կը բնակեցնէին հայեր, յոյներ եւ ասորիներ:
Տեղեկութիւններ կան որ, 10րդ դարու վերջերը Իրաքի հիւսիսային շրջաններու մէջ այնքան հայ բնակչութիւն կեդրոնացած էր որ, անհրաժեշտ տեսնուած էր առանձին թեմ ստեղծել: Այս թեմը որուն հարաւային մասը մինչեւ Մուսուլ հասած էր ենթարկուած էր Աղթամարի Կաթողիկոսութեան:
Այս նոր գաղթօճախները երկար չտեւեցին: 10րդ դարու կէսերուն երբ Սելճուքներ նուաճեցին Իրաքը անոնց վայրագութիւններէն մեծ թիւով տուժեցին՝ առաջին հերթին՝ հայեր: Յետագային՝ այս գաղթօճախները նոր հարուած կրեցին Մոնկոլներու արշաւանքէն 1250ական թուականներուն երբ անոնք սելճուքներու ձեռքէն գրաւեցին այս շրջանները եւ այլուր Իրաքի մէջ:
Երբ քիչ թէ շատ նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին 11րդ դարուն, Մուսուլի եւ մօտակայ շրջաններու մէջ հայկական նոր գաղթօճախներ ստեղծուած են, ըստ Էջմիածնի մէջ պահուած 1352 թուականին Մուսուլի մէջ հայկական ձեռագիր քարոզագրքի մը՝ «գրեալ ի քաղաք Մուսուլի, ի Մանուէլ քահանայէ», որ կ’ապացուցանէ թէ 14րդ դարուն Մուսուլի մէջ ոչ միայն հայեր կային, այլ անոնք ունէին քահանայ, հոգեւոր հովիւ եւ հետեւաբար եկեղեցի, ինչպէս միւս քրիստոնեայ համայնքներ: Լենք Թիմուրի 1397ի արշաւանքէն վերջ, բոլոր այս եկեղեցիները անհետացած են:
Մուսուլէն 35 քիլօմեթր հարաւ արեւելք, Փոքր Զապ գետի մօտերը, 12րդ դարուն հիմնուած Մար Պահնամ պատմական վանքին ներսի կողմի պատերէն մէկուն վրայ՝ հայատառ տապանագիր մը կայ, որուն տառերը իրարու քով բերելով բառեր չեն կազմուիր: Տեղացի վանականներ աւանդութեամբ գիտեն թէ բարձրաստիճան հայ կղերական մը վանքը այցելութեան ընթացքին վախճանած է եւ հոն թաղուած:
1638էն վերջ, երբ սկսաւ Օսմանեան տիրապետութիւնը, որ տեւեց չորս դար, փոքր թիւով հայեր եկած են Մուսուլ որպէս պետական պաշտօնեաներ, ոմանք ալ առեւտուրի բերումով, մաս մըն ալ հալածանքներէ ազատելու համար, մասնաւորապէս Սղէրդէն, նաեւ Թոքաթէն, Տիգրանակերտէն եւ այլ տեղերէ:
Փոքրաթիւ գաղութի երիտասարդներ մերթ խնամիական կապեր հաստատած են տեղացի քրիստոնեաներու հետ: Նաեւ հոգեւոր հովիւ մը չունենալուն եկեղեցական ծէսերու համար ստիպուած են այլ քրիստոնեայ կղերներու դիմել: Ասոնցմէ մեծ մասը ձուլուած են տեղացի քրիստոնեաներու մէջ, Մուսուլի քրիստոնեայ առաջնակարգ դիրքի վրայ գտնուողներէն մաս մը ծագումով հայեր եղած են:
Գնահատանքով յիշատակութեան արժանի են Սղերդէն գաղթողները, որոնք պահած են իրենց ինքնութիւնը, հակառակ ոչ հայախօս ըլլալնուն, որոնցմէ կարելի է յիշել՝ Չաքմաքճեանները, Կարապետեանները, Քուլոյեանները, Քէնտերեանները եւ ուրիշներ:
Դարեր առաջ հիւսիսային Իրաքի այս պատմական քաղաքը յաճախ այցելած են օտար զբօսաշրջիկներ եւ ուղեւորներ: Հաւանաբար ասոր առիթ տուող պատճառներէն են պատմական Նինուէն եւ վերջին ժամանակներու Տօմինիկեան հայրերու կեդրոնատեղի վանքին հոն ըլլալը: Ինչպէս նաեւ ժամանակ մը Իրաքի Պապական դեսպանի կեդրոնը Մուսուլ էր:
Առաջին ուղեւորը հօլանտացի Տօքթ. Լէօնալտ Ռաուլֆը 1573-76 տարիներու արեւելք ուղեւորութեան մասին գրած ատեն յիշած է թէ Մուսուլի մօտ Գարագոշ գիւղին մէջ հանդիպած է հայերու: Երկրորդը՝ ֆրանսացի Թավերնիյէ «Իրաք՝ 17րդ դարուն» անունով գրքին մէջ կը յիշէ թէ 1644ին հանդիպած է Մուսուլ ուր քրիստոնեայ համայնքներ կը բնակէին որոնց մէջ ի միջի այլոց նաեւ մաս մը հայեր: Երրորդը տանիմարքացի Քրիսչիէն Նիփօն, որ Իրաք այցելած է 1760ական թուականներուն, «Ուղեւորութիւն Իրաք 18րդ Դարուն» իր գիրքին մէջ գրած է թէ Մուսուլի հիւսիսային կողմը, Պէյսան անունով գիւղի մը հանդիպած է ուր քանի մը ընտանիք հայեր կ’ապրէին: Չորորդ մը՝ Օլիվիէ «Ուղեւորութիւն Դէպի Իրաք 1794-96» գիրքին մէջ կը յիշէ թէ Մուսուլի Փաշան՝ Մուհամէտ Էմին Ճալիլին մեծ ջանք թափած է Սինճարի բնակիչները որոնց կարգին հայերը, բերել եւ բնակեցնել Մուսուլ, որպէսզի հողագործութեամբ զբաղին եւ իրենց հունձքը ծախեն քաղաքին մէջ: Հինգերորդը՝ Մուհամէտ Ահմէտ Հիւսէյնի «Մունշի Պաղտատի» ուղեւորութեան գիրքին մէջ կը յիշէ Պաղտատ գտնուած միջոցին անգլիական հիւպատոս Քլօտիոս Ռիչի եւ Աղա Մինասի հետ այցելած են Մուսուլ 1820ին ուր հանդիպած են հայերու, որոնք կը վկայէ՝ յարգուած տարր ըլլալնին նկատած է:
Այսպէս, Մուսուլի հայ կեանքի սկզբնաւորութեան մասին փաստացի տեղեկութիւններ կը պակսին, կը մնայ յենուիլ Ս. Էջմիածին Եկեղեցւոյ կառուցման թուականին վրայ՝ 1857ին: Ասկէ առաջ 1830-40ական թուականներուն 20 հայ ընտանիքներ սահմանակից Սղերդէն, նաեւ Տիգրանակերտէն եւ այլ քաղաքներէ եկած հաստատուած են Մուսուլ: Այս շրջանին, գաղութի բնիկները փոքրաթիւ ըլլալով եկեղեցի չունէին, հետեւաբար իրենց հոգեւոր կարիքներուն համար կը դիմէին տեղացի ասորի (Յակոբիկեան) կամ քաղդէացի կաթոլիկներուն եւ արձանագրութեան արժանի կեանք չեն ունեցած:
ՆՈՐ ԳԱՂՈՒԹԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
Վերոյիշեալ դրութիւնը շարունակուած է մինչեւ Իրաքի թեմը Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան կցուիլը՝ 1847ին: Պոլսոյ Պատրիարք՝ Մատթէոս Չուխաճեան Պոլսէն Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ.ը կը նշանակէ Առաջնորդ Իրաքի Հայոց: Տ. Մեսրոպի առաջին աշխատանքներէն կը յիշատակուի 1851 թուին իր անմիջական ջանքերով Մուսուլի մէջ առժամեայ փոքր մատուռի մը կառուցումը որ կը կոչուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ:
1852ին Պաղտատի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին կառուցելէ ետք, Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ Մուսուլի փոքրաթիւ գաղթօճախը հիմնական եկեղեցիով օժտելու ծրագրին: Ան՝ իր ձեռներեցութեամբ եւ Պաղտատի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ կառուցման համար հանգանակուած դրամի մնացածով ու Մուսուլի բարեսէր ազգայիններու նիւթական մասնակցութեամբ, 1857ին կը կառուցանէ փոքր եկեղեցի մը, քրիստոնէաբնակ բազմամարդ թաղի մը մէջ, զայն կոչելով Ս. Էջմիածին:
Այս եկեղեցւոյ շնորհիւ է որ Մուսուլի հայութիւնը մնացած է ամուր կառչած իր նախնիներու հնաւանդ սովորութիւններուն: Միեւնոյն ժամանակ իրենց փոքրիկները եկեղեցիի կողքին ուսանած են մայրենի լեզուն: Առաջին համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքներու ընթացքին ալ հոգացած է Մուսուլ հաւաքուած հայ գաղթականութեան հոգեւոր կարիքները:
Մուսուլի առաջին հոգեւոր հովիւը կ’ըլլայ Տ. Յակոբ քհնյ. Տէր Եղիայեան, ապա՝ իր վախճանելէն ետք (1891ին), եղբայրը՝ Տ. Աւետիս քհնյ., որ պաշտօնավարած է մինչեւ 1894: Յաջորդը կ’ըլլայ Տ. Դաւիթ քհնյ. Դաւիթեան, որ պաշտօնավարած է մինչեւ վախճանիլը՝ 1911ին:
Մուսուլի մէջ նշանակելի համայնքային կեանք մը գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ 1900ական թուականները, երբ կը կազմուի թաղական խորհուրդ մը հետեւեալ ազգայիններէ բաղկացած.- Ալեքսան Աղա Գույումճեան, Խօճա Միրզա Կարապետեան, Սարգիս Չաքմաքճեան,Պօղոս Եմէնիճեան եւ Տիգրան Քուլահեան, նախագահութեամբ Տ. Դաւիթ քհնյ. Դաւիթեանի:
1910 թուականին Մուսուլի 20-25 ընտանիքներէ բաղկացած գաղութը նախակրթարան մը ունեցած է, ինչպէս յիշուած է թաղական խորհուրդի Ապրիլ 1, 1911 թուակիր նամակի մը մէջ, ուղղուած Կ. Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ՝ Վահան եպս. Մանկունիի: Սոյն նամակով Մուսուլի թաղականութիւնը օժանդակութիւն խնդրած է դպրոցի համար: Պատրիարքարանը նամակը յղած է Պաղտատի Առաջնորդարանին վիճակի մասին տեղեկութիւններ պահանջելով: Իրաքահայոց Առաջնորդարանի արխիւներուն մէջ սոյն դպրոցի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պակսին թէ դպրոցը որքան ատեն գոյութիւն ունեցած է: Հոս միջանկեալ յիշենք որ 1904ին իբրեւ ուսուցիչ Մուսուլ հրաւիրուած է Աբրահամ Մուրադ Թաճիրեան, զոր եօթը տարիներ պաշտօնավարելէ ետք, քահանայ ձեռնադրուած է՝ Պաղտատ եւ վերանուանուած Տ. Վահան քհնյ. Թաճիրեան ու Պաղտատ փոխադրուած:
1912ին կը հրաւիրուի Տ. Գրիգոր քհնյ. Տէր Յակոբեան Մուսուլի հոգեւոր հովութեան: Տ. Գրիգորի Մուսուլի հոգեւոր հովութիւնը ստանձնելէ ետք վրայ կը հասնի 1914ի, առաջին համաշխարհային պատերազմը: Պատերազմի սկսելէն ետք, գաղթականական հոսանքներ հասած են Իրաք այնպէս որ կարծես ամբողջ տարածութիւնը գաղթակայանի տեսքը կը ներկայացներ: Հոն էին հայեր, ասորիներ, նեստորականներ, քիւրտեր եւ ուրիշներ, Փոքր Ասիոյ ամէն կողմերէն տարհանուած, տանջուած, կեանքի բոլոր դառնութիւնները ճաշակած բեկորներ: Տէր Զօրի հայոց սպանդէն ազատողներու հոծ բազմութիւն մը կը հասնի Մուսուլ:
Զաւէն արք. «Պատրիարքական Յուշեր» իր գիրքին մէջ կը նկարագրէ Մուսուլ հասնող այս գաղթականներու անտանելի վիճակը՝ անօթութիւն, բարոյական անկում եւ օրական միջին հաշուով 10 հայ մեռեալ: Այս դրութենէն ազատելու համար «…քանի մը խումբեր արաբներու առաջնորդութեամբ՝ անբնակ տեղերէ անցած եւ անգլիական տիրապետութեան տակ ապաստանած ու փրկուած են»: «…Երկու տեղացի հայեր՝ Սերոբ եւ Սաֆօ, որոնք փախուստ կարգադրողներն էին՝ բռնուեցան եւ իրենց ցեղակիցները կորուստէ փրկելու ամբաստանութեամբ, կախաղանով քաւեցին իրենց մեղքը»:
Իրաքահայ «Գոյամարտ» շաբաթաթերթի Յուլիս 9, 1947 թուակիր համարի մէջ, Տարօնացի ստորագրութեամբ «Մուսուլահայութեան Համառօտ Պատմութիւն» յօդուածի մը մէջ՝ վերոյիշեալներու լրիւ անունները կը յիշատակէ՝ Սերոբ Մալխասեան, Սաֆօ Խպճոյեան եւ կ’ըսէ թէ Պապի Էմիրեանի աղջիկը՝ Շիրինը եւս կախաղան հանուած է: Պ. Էմիրեան՝ փախուստ կարգադրողներու խմբապետն էր որ յաջողած է ազատիլ ձերբակալութենէ: Այս հարցի մասին աւելի ընդարձակ տեղեկութիւն կայ Տօքթ. Մովսէս Տէր Յակոբեանի «Իրաքահայ Կեանքէն» գիրքի առաջին հատորին մէջ:
Մուսուլին պատկան շրջաններէն՝ Սինճար, որ կը գտնուի քաղաքի արեւմտեան կողմը, 100 քիլոմեթր հեռու եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը Եզիտիներ են, Եղեռնի տարին Տէր Զօրի արհաւիրքներէն մազապուրծ ազատած եւ հոս հասած բազմաթիւ հայ գաղթականներ՝ մեծամասնութիւնը Մերտինէն, ազատուած ու պատսպարուած են տեղացիներու կողմէ:
1919-20 թուականին՝ 3-4 հազարէ բաղկացող գաղութ մը կը դառնայ Մուսուլ, եւ թաղական խորհուրդի մը գոյութիւնը կը շարունակուի: Ըստ Պաղտատի Ազգային Քաղաքական Ժողովի նիստ թիւ 41 եւ Հոկտեմբեր 23, 1922 թուակիր ատենագրութեան, ակնարկելով Մուսուլին «…անմխիթար կացութիւն մը կը տիրեր» յիշուած է: Ժողովը դրութեան մօտէն տեղեկանալու համար Պաղտատ կը հրաւիրէ Տիար Սարգիս Չաքմաքճեանը, Մուսուլի Տարագրելոց Մարմնի ներկայացուցիչը՝ իր կարծիքը առնելու վիճակի մասին:
Տիար Չաքմաքճեան վերոյիշեալ նիստին կը զեկուցէ թէ՝ թաղական խորհուրդի անդամներ, ձեռնհաս գործունէութիւն մը չէին կրցած ցոյց տալ: Դպրոց բանալու հարցին մէջ անցեալ երկու տարիներու ընթացքին կատարուած դիմումները արդիւնաւոր չէին եղած, իսկ իր անձնական միջոցներով կատարած դիմումներուն պետութիւնը դրական պատասխան մը տուած էր, ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութիւն ալ ըրած: Դպրոցը կը բացուի թաղականութեան բ. ատենապետ Տիար Յ. Օհանեանի տան մէջ, որը՝ ան «ազնուօրէն ձրի տրամադրած էր որպէս դպրոց գործածելու: Դպրոցը կ’ունենայ 110 երկսեռ աշակերտութիւն»: Հինգ անձերէ բաղկացած հոգաբարձութիւն մը կը նշանակուի դպրոցը կառավարելու: Ժամանակ մը յետոյ հոգաբարձութեան անդամները կը հրաժարին եւ թաղական խորհուրդը յանձն կ’առնէ դպրոցը կառավարելը: Հոս կը վերջանայ զեկուցումը:
Քանի մը տարի յետոյ դպրոցը կը փոխադրուի եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուած քանի մը սենեակներու մէջ: Այս դրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 1926: 1924-26 տարիներուն՝ ուսուցչական գետնի վրայ, կարեւոր աշխատանք ունեցած է Արմենակ Փանոսեան, որ ուսումը առած էր Միացեալ Ընկերութեան բարձր դպրոցներուն մէջ:
1926ին՝ Տօքթ. Գալուստ Աստարճեանի նախաձեռնութեամբ թաղական խորհուրդ մը կը կազմուի իր ատենապետութեան ներքոյ, որուն առաջին գործերէն մէկը կ’ըլլայ ընդարձակել դպրոցը, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով: Աշակերտւթիւնը շատցած ըլլալուն, թաղական խորհուրդը Լիբանանէն կը հրաւիրէ Սիրական Օրջանեանը (ապագային՝ Տէր Մեսրոպ քահանայ), որպէս նախակրթարանի տնօրէն եւ տիկինը՝ Լուսաբեր, որպէս մանկապարտէզպանուհի՝ 1927ին: Նոյն թուականէն կը վարձուի ընդարձակ շէնք մը հայաշատ թաղի մը մէջ ու դպրոցը հոն կը փոխադրուի, նախակրթարանի վեց դասարաններով ու մանկապարտէզով:
Նախանձախնդիր ազգապատկան դպրոցական շէնք ունենալու՝ Մուսուլի թաղականութիւնը յարմար հողամաս մը ծախու կ’առնէ քաղաքի կեդրոնը՝ շքեղ պարտէզի դիմաց: Շնորհիւ Տօքթ. Գ. Աստարճեանի եւ Պրն. Սերոբ Քէնտէրեանի յարատեւ աշխատանքներուն եւ օժանդակութեան, Մուսուլահայութիւնը կը կառուցէ սեփական երկյարկանի դպրոցը՝ 1934ին: Այս թուականի դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը՝ դպրոցը հոն կը փոխադրուի եւ կը գործէ մինչեւ համայնքային դպրոցներու պետականացումը՝ 1974ին:
1932ին Մուսուլի մէջ կազմուած են Հայ Կարօտելոց Խնամակալութիւնը եւ Եկեղեցւոյ Աղքատախնամ Մարմինը, երկու քոյր միութիւններ, որոնք ձեռք ձեռքի տուած կը հասնին մխիթարելու եւ օժանդակելու չքաւոր եւ կարօտեալ ընտանիքները: 1959ին Հայ Կարօտելոց Խնամակալութեան աշխատանքը կը դադրեցուի, սակայն Եկեղեցւոյ Աղքատախնամ Մարմնի գործունէութիւնը կը շարունակուի թաղականութեան ներքոյ:
Մուսուլի մէջ 1960ական թուականներուն հիմնուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որ կ’ունենայ տասնեակ տարիներու գործունէութիւն մը, շարունակելով զայն «Նահատակ Սերոբ Մարզական Ակումբ» անուամբ:
Ս.Էջմիածին Եկեղեցին կանգուն մնացած էր մէկ դար, սակայն 1950ական թուականներուն այլեւս ներկայանալի եկեղեցի մը ըլլալէ դադրած էր որը կը մտահոգէր տեղւոյն ժողովուրդը եւ Ազգային Իշխանութիւնը ի Մուսուլ եւ ի Պաղտատ: Միացեալ որոշումով յարմար դատուեցաւ նոյն թաղամասին վրայ աւելի ընդարձակ եկեղեցի մը կառուցանել: Նոր եկեղեցին, որ դարձեալ Ս. Էջմիածին կոչուեցաւ, շինուեցաւ 1968ին եւ օծումը կատարեց գաղութի օրուայ առաջնորդ՝ Տէր Ասողիկ եպս. Ղազարեան Նոյեմբեր 16, 1969ին:
Մուսուլի թաղականութիւնը, շրջանը հասութաբեր կալուածով օժտելու մտադրութեամբ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան հետ համախորհուրդ, որոշեցին նախկին ազգապատկան սրահին տեղը, որ առեւտրական շրջանի մը մէջ էր, շէնք մը կառուցել: Գործը սկսաւ 1990ին եւ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ՝ 1993ին: Շէնքը կը բաղկանայ երէք յարկերէ.- գետնայարկը՝ վարձու տրուելիք խանութներէ, վրայի երկու յարկերը՝ սրահներ:
Մուսուլ քաղաքը աստիճանաբար ընդարձակուելով հայեր աւելի վայելուչ թաղեր փոխադրուիլ սկսած էին նախորդ դարու վերջին քսանամեակի ժամանակամիջոցին, որով Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հայաշատ թաղը ամայացած էր հայութենէ: Առաջնորդարանի եւ թաղականութեան ջանքերով ձեռնարկուեցաւ, արդի եւ հայաշատ կեդրոնի մը մէջ, եկեղեցւոյ մը կառուցման համար հողամաս մը ապահովել: 1993ին եղած դիմումին պետութիւնը յատկացուց հողամաս մը, որ կը գտնուի Տիգրիսի ձախակողմեան ափին վրայ: Եկեղեցւոյ հիմնարկեքը կատարուեցաւ 2001ին եւ շինարարական աշխատանքները աւարտի ընթացքին մէջ էին 2004ին՝ երբ խափանարարներու ձեռամբ եկեղեցին պայթիւնի ենթարկուեցաւ:
2003ին, երկրի պետութեան տապալումէն յետոյ, մօտաւորապէս 1.500 Մուսուլահայեր քրիստոնեայ միւս համայնքներու հետ նեղութեան ենթակուեցան: Այդ պատճառով մաս մը տեղաշարժ կատարեցին դէպի Իրաքի հիւսիսային՝ մասամբ ապահով քրտական շրջանը, մաս մըն ալ երկիրը լքած՝ ուղղուեցան Սուրիա՝ արտասահման գաղթելու նպատակով: Ազգային Առաջնորդարանի միջնորդութեամբ Իրաքի հիւսիսային քրտական շրջանի պատասխանատուներու օժանդակութեամբ «Քարամանլիս»(1) կոչուած գիւղաքաղաքին մէջ բնակարաններ կառուցուեցան եւ յատկացուեցան Մուսուլէն հեռացող հայ ընտանիքներու, նմանապէս քրտական այլ շրջաններու մէջ ապաստան փնտռող հայ ընտանիքներու դիւրութիւններ ընծայուեցան: Յիշատակութեան արժանի է նաեւ, քուրտ պետական նոյն այրերու կողմէ, տապալած պետութեան օրով անցեալի զուտ հայաբնակ «Հավրէզ» (2) գիւղի վերակառուցումն ու վերաբնակեցումը:
Այսօրուայ տուեալներով Մուսուլի չափազանց նուազած մեր համայնքի գոյութիւնը յաւետ անհետացման ենթակայ է: Իսլամական Պետութեան վերջնագիրէն ետք որով կը պահանջեր քրիստոնեաներէն իսլամանալ, կրօնական տուրք վճարել կամ սպաննուիլ,Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը կապ հաստատած է իրաքահայ համայնքի պատասխանատուներու հետ, եւ անոնք հաղորդած են, որ Մուսուլի մէջ մնացած քանի մը հայերը լքած են քաղաքը եւ անցած դէպի քրտաբնակ շրջաններ` մասնաւորաբար Էրպիլ:
—–
1- Մուսուլէն 35 քիլօմեթր հարաւ արեւելք, Պարտիլա գիւղի մօտ քրիստոնեայ բնակչութեամբ գիւղաքաղաք: Կը յիշատակուի որ հայ համայնք մը գոյութիւն ունեցած է հոս 14րդ դարուն, սեփական քահանաներով եւ տիրացուներով: Սակայն ի՞նչպէս եւ ե՞րբ հայերը լքած են այս գիւղաքաղաքը յայտնի չէ, հաւանաբար Իրաք արշաւող եւ նուաճող հոսանքներու ձեռքով:
2- Հավրէզ քուրտերէն կը նշանակէ հայ վրէժ: Վասպուրականցի գաղթականներ՝ 1923ին, նոյն գիւղին մէջ հաստատուած են եւ որպէս ղեկավար ունեցած են Վանի Փեսանդաշտի յայտնի ֆետայի Լեւոն Շաղոյեանը:
Տօքթ. Վեհունի Մինասեան
Նախկին փոխ ատենապետ
Իրաքահայոց Ազգ. Իշխանութեան