«Հայաստանի Իրավիճակը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Առաջադրանքները» – ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ
Սփիւռքի տարածքին գտնուուղ իւրաքանչիւր հայու ամէնօրեայ մտահոգութիւն է հայրենիքը, անոր անվտանգութիւնը եւ անոր առջեւ ծառացած քաղաքական, ընկերային, ու տնտեսական մարտահրաւէրները: Սփիւռքի հայութիւնը միշտ ծարաւ է լաւատեղեակ ըլլալու Հայաստանի իրադարձութիւններուն, կը բաժնէ հայրենի ժողովուրդին ցաւերն ու դժուարութիւնները եւ պատրաստ է սատարելու այդ հարցերու բարւօք լուծման։ Բնականաբար պարագան նոյնն է նաեւ թորոնթոհայ գաղութին:
Իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, դէպի երկիր իր վերադաձէն մինչեւ օրս, եղաւ հիմնական ներկայութիւն, ի շարս այլոց, Հայաստանի պետականութեան կայացման ու հզօրացման աշխատանքներուն մէջ։
Մեկնելով այս իրողութիւններէն, Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէն կազմակերպեց «Հայաստանի Իրավիճակը եւ ՀՅԴի Առաջադրանքները» նիւթով ժողովրդային հաւաք մը որ տեղի ունեցաւ 6 յուլիս 2014ին, յետմիջօրէի ժամը 2:00ին, Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս:
Կոմիտէութեան անունով խօսք առաւ Կարէն Մկրտիչեան, որ յայտնեց թէ Հայաստանը, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, կը դիմագրաւէ պայմաններ ու պարագաներ, որոնք ալեւս կը հանդիսանան սպառնալիք՝ մեր հայրենիքի անվտանգութեան եւ ազգի գոյատեւման։ Մկրտիչեան աւելցուց որ այս բոլորին դիմաց, ՀՅԴաշնակցութիւնը կը ներկայանայ որպէս քաղաքական այն ուժը, որ ունի կազմակերպչական եւ գաղափարական ներուժ՝ մեր համազգային կարողութիւնները հունաւորելու՝ Հայ պետականութեան հզօրացման ի նպաստ։ Առ այդ, Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի պետութեան շահերու պաշտպանութեան:
Ապա, Մկրտիչեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամ եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեանը, որ հաւաքի գլխաւոր բանախօսն էր:
Ռուստամեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի Եւրասիական Միութեան անդամակցութեան հեռանկարներուն, վերջին ամիսներուն, հրատապ եւ մտահոգիչ դարձած Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախատումներու ինչպէս նաեւ վերջին տարուան ընթացքին զարգացած Քաղաքացիական Հասարակութեան շարժումի մասին: Ապա Ռուստամեան բացատրեց ՀՅԴաշնակցութեան դերը, իբր ընդդիմութիւն, հայկական քաղաքակն եւ ընկերային խորապատկերին մէջ:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ զրոյց, որու ընթացքին Արմէն Ռուստամեան տուաւ յաւելեալ բացատրութիւններ, պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն: Զրոյցը ձեռնհասօրէն վարեց Կարէն Մկրտիչեան:
ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէ
Թորոնթօ