Հայ Դատը Դէմ Է Թուրքիոյ Մօտ ԱՄՆ Դեսպանի Պաշտօնին Համար Ճան Պեսի Թեկնածութեան


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Միացեալ Նահանգները 2015ի Ապրիլ 24ին, Անգարայի մէջ պէտք է ըլլայ ճշմարտութեան աներկբայ եւ պարտադրող ձայնը», ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան՝ նախագահ Օպամայի կողմէ Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին համար Ճան Պեսի առաջադրման առիթով։
«Հայ Դատի յանձնախումբը չի կրնար սատարել Ճան Պեսի թեկնածութեան՝ Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին, հիմնուելով Քոնկրեսին մէջ անոր ունեցած ելոյթներուն վրայ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ նախագահ Օպամայի խախտած խոստումին մէկ մասն են եւ աւելի կ՛ամրապնդեն Թուրքիոյ «բերան փակող» գերակայութիւնը՝ ԱՄՆի կառավարութեան վրայ», ըսած է Արամ Համբարեան:
ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Պեսի թեկնածութիւնը քուէարկութեան պիտի դնէր Յուլիս 29ին: Հայ Դատի գործադիր տնօրէնը նաեւ անընդունելի կը համարէ այն փաստը, որ Օպամայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումի դրժումէն վեց տարի, իսկ Թուրքիոյ կողմէ Հայ-թրքական արձանագրութիւններէն հրաժարելէ հինգ տարի ետք, աւելին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն մէկ տարի առաջ, ԱՄՆի դեսպանի թեկնածուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ծերակոյտի հարցադրումներուն ի պատասխան՝ կը խօսի թրքական ժխտողական հռետորաբանութեան լեզուով՝ վկայակոչելով «ընդհանուր պատմութեան» մասին բարբանջանքը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.