Ազրպէյճանական զինուժի անպատիժ խափանարարութիւնը ՀՀ մայրուղիներուն վրայ․․․ եւ մեր ժողովուրդի համբերութեան բաժակը
September 13, 2021ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Օգոստոսի 25-ին, Ազրպէյճանական Բանակի միաւորներ փակեցին Կապան-Գորիս ճանապարհը Կարմրաքար-Շուռնուխ հատուածի մօտակայքը։ Օգոստոսի 26-ին, երթեւեկի խափանման այս կամայական ռեժիմը տարածուեցաւ նոյն ճանապարհի Գորիս-Որոտան մատոյցներուն վրայ։ Օգոստոսի 27-ին, ընթացք տալով Մոսկուայի ճնշումներուն, Ազրպէյճանական Զինուժի հրամանատարութիւնը յօժառեցաւ վերցնել երթեւեկի արգելքը եւ առիթ ...