ՏԻՄ ընտրութիւններու նախօրեակին ընդդիմադիր թեկնածուներու նկատմամբ ճնշումներու մասին ահազանգերը կը բազմանան
October 20, 2026ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ 25 հոկտեմբերին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ, ընդդիմադիր թեկնածուներու նկատմամբ գործադրուող ենթադրեալ ճնշումներու եւ վարչական միջոցներու չարաշահման մասին ահազանգերը քաղաքական նոր հակասութիւններ յառաջացուցած են։ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Դանիէլ Իոաննիսեան յայտարարած է, որ շարք մը համայնքներու ...