ՏԻՄ ընտրութիւններու նախօրեակին ընդդիմադիր թեկնածուներու նկատմամբ ճնշումներու մասին ահազանգերը կը բազմանան

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ 25 հոկտեմբերին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ, ընդդիմադիր թեկնածուներու նկատմամբ գործադրուող ենթադրեալ ճնշումներու եւ վարչական միջոցներու չարաշահման մասին ահազանգերը քաղաքական նոր հակասութիւններ յառաջացուցած են։

«Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Դանիէլ Իոաննիսեան յայտարարած է, որ շարք մը համայնքներու մէջ ընդդիմադիր թեկնածուներու բացակայութիւնը հետեւանք է իշխանական շրջանակներու կողմէ գործադրուող ճնշումներուն։

Ան մասնաւորապէս անդրադարձած է Արմաւիրի մէջ ընդդիմադիր թեկնածուի մը նկատմամբ ենթադրեալ սպառնալիքներուն՝ պնդելով, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները կը փորձեն կանխել մրցակցութիւնը եւ ապահովել իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անարգել մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն։

Նիկոլ Փաշինեան, արձագանգելով հրապարակուած ահազանգերուն, կոչ ուղղած է ճնշումներու ենթարկուած թեկնածուներուն եւ ընտրողներուն՝ ուղղակի իրեն կամ իրաւապահ մարմիններուն դիմելու։ Ան «խոստացած» է պատասխանատուութեան ենթարկել այն պաշտօնատարները, որոնց դէմ ներկայացուած փաստերը կը հաստատուին։

Փաշինեան նաեւ յորդորած է ընտրողները քուէարկել վարչական միջոցներ չարաշահող թեկնածուներուն դէմ, նոյնիսկ եթէ անոնք իր կուսակցութեան անդամներ են։

Այս զարգացումները հարցադրումներ կը յառաջացնեն ընտրական մրցակցութեան ազատութեան եւ տեղական մակարդակի վրայ ժողովրդավարական գործընթացներու արդարութեան շուրջ։