Գանատահայութիւնը միասնական շարքերով պահանջատիրութեան իր ձայնը բարձրացուց Օթթաուայի մէջ
April 25, 2018(Լուսանկարները Իշխան Ղազարեանի) Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2018-ին, Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին աւելի քան 1500 հայորդիներ եւ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին իրենց պետական դրօշները պարզած միացան յոյն, հրեայ եւ ...