Tuesday, December 23, 2025

Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են

October 10, 2025

Պաքուի դատարանին մէջ «Հայաստանի կողմէ վարձկաններ ներգրաւելու փաստաթուղթեր» հրապարակուած են Պաքուի դատարանը հայերու դէմ գործի քննութեան շրջանակին մէջ «փաստաթուղթեր» հրապարակած է իբրեւ թէ Հայաստանի կողմէ վարձկաններ ներգրաւելու վերաբերեալ: 24 հոկտեմբեր 2020 թուագրեալ թուղթերէն մէկը, ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներու, այն մասին է, որ հայկական կողմը փորձած է արտասահմանցիներ ներգրաւել, կառավարութիւնն ու սփիւռքի կազմակերպութիւնները հայկական համայնքներու անդամներուն յորդորած են անյապաղ միանալու ռազմական գործողութիւններուն: Ազրպէյճանական կողմը զանոնք իբրեւ «զինեալ ահաբեկիչներ» կը ներկայացնէ: Պաքուի հայ գերիներուն նկատմամբ դատավարութիւնները փաստացի բաց չեն. անոնց միջազգային իրաւապաշտպաններ, փաստաբաններ եւ լրագրողներ ներկայ չեն, տեսագրութիւնները կը պատրաստէ միայն պետական «Ազերթաճ»-ը, որուն հաղորդած տեղեկութիւնները ճշդելու կարելիութիւն չկայ:

Our Partners

Subscribe to our newsletter

Footer Subscribe
Sending

Welcome

...