Գանատայի վարչապետ Թրուտոյի Հայաստան այցելութիւնը նոր էջ կը բանայ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման գծով
October 25, 2018Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը պատմական իրադարձութիւն էր երկու երկիրներու յարաբերութիւնները նոր ուղղութեամբ հունաւորելու։ Իրողութեան մէջ, սփիւռքեան մեր գաղթօճախներու կարեւոր կռուաններէն մէկը հանդիսացող գանատահայ գաղութին համար էական նշանակութիւն ունեցող պատմակշիռ եղելոյթ է այցելութիւնը։ 2002-ի Գանատայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ...