Շարունակենք Մայիս 28-ի յաղթանակներով սկիզբ առած մեր անվկանդ երթը

100 տարի առաջ, եղեռնագործութեան բովէն անցած հայութեան վերջին բեկորները, իրենց վերջին կարողականութեամբ պատնէշանալով ու անսասանօրէն աշտանակելով Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի մէջ, կերտեցին մայիսեան յաղթանակները ու մեզ կտակեցին այսօրուան մեր սերունդի հողեղէն բնօրրանը՝ Անկախ Հայաստանը։

Օրհասի ու ճգնաժամի այդ օրերուն, ժողովրդային յուսալքուած խաւերը ծառացման մղող առաջնորդը հանդիսացաւ Հ Յ Դաշնակցութիւնը։ Հայութեան մարտունակ ոգին մարմնաւորող Արամի, Ռուբէնի, Դրոյի, Նժդեհի եւ այլ յայտնի ու խոնարհ հերոսներու անձնուրացութեան եւ նուիրումին շնորհիւ կերտուած անկախութիւնը՝ հիմն ու կորիզը պիտի հանդիսանար մերօրեայ պետականութեան։

Մայիսեան աւարայրեան գուպարներու արգասիքը հանդիսացաւ նորակերտ հայրենիքը, որուն վերընձիւղման համար չխնայուեցան հայրենասիրութիւնն ու ինքնազո-հաբերութիւնը եւ որուն անզուգական օրինակն ու նախատիպարը հանդիսացաւ ժողովուրդի առաջնորդ՝ Արամ Մանուկեանը։ Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ Արամ Մանուկեանի կատարածը գերագոյն սխրանք մըն էր, ժողովուրդի մը լիակատար ոչնչացման ընթացքը կասեցնելու: Յիշե՛նք եւ մեր պատմութեան մէջ արժանի տեղը տանք Արամ Մանուկեանին, որովհետեւ երախտամոռութեան համազօր է նման վեհարժէք հայրենակերտիչի աւանդը թողուլ մոռացութեան քմայքին:

Այսօր, Մայիս 28-ի պատմական փորձը մեզի փոխանցած է այն հիմնական ռազմաքաղաքական ուղին, որուն պէտք է հետեւի մեր պետականութիւնը: Մայր հողի վրայ հայութեան գոյատեւելիութիւնը յաւերժացնելու ռազմավարական մեր գերխնդրը՝ 1918-ին կը կայանար տարանջատուած հայրենիքի տարածքներուն վերատիրանալու գրաւականով, որուն իրագործման համար երկու տարուան կարճ ժամանակահատուածին վիթխարի աշխատանք կատարուեցաւ, յատկապէ՛ս նուիրագործուեցաւ տարածաշրջանին մէջ իբր ուրոյն պետական միաւոր Արեւմտահայաստանի տարածքներով միաւորուած Հայաստանի գոյութիւնը։ Սերունդներու գիտակցութեան մէջ դրոշմուած պատգամ է Մայիս 28-ը՝ հաղորդուելու այն հաւատքով, որ Միացեալ ու Ազատ Հայրենիքի գաղափարը այսօրուան եւ վաղուան ազգային հայեցակարգ է։

Մայիսեան յաղթանակներու կենսափորձը կը թելադրէ, որ համայն հայութեան գոյատեւելիութեան ռազմավարութիւնը այսօր պէտք է խարսխուի այն յստակ հիմերուն վրայ, որ մեր բովանդակ ներուժով հայրենիքը դարձնենք անխոցելի, կազմակերպ, միասնական, անբաժանելի եւ ընդարձակուելու ու տարբաղադրուած իր աշխարհաքրական տարածքները վերամիաւորելու ներուժ ունեցող երկրի։

Մայիս 28-ի յաղթանակը մեզ կը մղէ հաղորդուելու ազգային կենսուժի մեր ակունքներէն, որպէսզի հաստատօրէն համոզուինք, որ առա՛նց Արցախի Հայաստանի պետութեան ապագայ գոյատեւելիութիւնը հարցական կը դառնայ։ Պէտք է գիտակցինք, որ հայ ազգի պահպանումը եւ բարգաւաճումը կարելի է իրականութիւն դարձնել աշխարհաքաղաքական տարածքներով միաձուլուած՝ ազգային պետութիւն ստեղծելու ճամբով: պետականութեան դրոյթը կը թելադրէ նաեւ՝ հայապատկան հողերու վրայ իրականութիւն դարձնել հայութեան ազգահաւաքը:

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի տափաստաններուն վրայ յեղուած արեամբ ծնունդ առած Հայաստանը՝ այսօրուան սերունդին կը պատգամէ, որ՝

Անկախութիւն կը նշանակէ՝ պետականութիւնը ամրապնդել ու ամրագրել պետականութեան անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչներով:

Անկախութիւն կը նշանակէ՝ ժողովրդավարական լիարժէք պայմաններով օժտել երկրի պետական ու հասարակական համակարգը:

Անկախութիւն կը նշանակէ՝ տարանջատուած պատմական հայրենիքի տարածքները համախմբել մէկ ու միասնական աշխարհագրական քարտէսի մէջ:

Անկախութիւն կը նշանակէ՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համախումբ ու միասնական ջանքերով կերտել վաղուան նուաճումներն ու անկատար տեսլականները:

Ա՛յս է մեր ճանապարհը։

«Հորիզոն»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.