Սուրբ Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ
January 07, 2026Երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, ժամերգութեամբ եւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով նշուեցաւ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ տօնին առիթով քարոզեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս Չարեան։ ...