Դաշնակցական Գուրգէն Ասատուրեանի Կտակի Գումարով Երեւանի Պետական Համալսարանը Ուսանողներու Համար Կացարան Կը Կառուցէ
August 04, 2017Գուրգէն Ասատուրեան իր քրոջ՝ Մարգարիտ Ասատուրեանի հետ ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) 500 ուսանողներու համար նախատեսուած հանրակացարան կը կառուցուի: ԵՊՀ կայքը, համալսարանի ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքներու կեդրոնի տնօրէն Վահագն Վարագեանը վկայակոչելով՝ կը յայտնէ, որ հանրակացարանը պիտի ունենայ երկտեղանոց սենեակներ՝ առանձին լուացարաններով, ...