Թորոնթոհայ աշակերտներու ուխտագնացութիւնը դէպի Հայաստան
May 26, 2015Որպէս Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի փոխ տնօրէն, Ապրիլ 13-էն Մայիս 2, պատիւը ունեցայ մասնակցելու մեր վարժարանի տասներորդ դասարանի տարեկան Հայաստանագնացութեան: 19 աշակերտներով բախտաւորութիւնը ունեցանք ներկայ ըլլալու հայրենի հողին վրայ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պաշտօնական ոգեկոչման: Տեսայ հրճուանք, տեսայ արցունք եւ ...