Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Գանատայի Յանձնաժողովը Ամփոփիչ Նիստ Գումարած է
Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մօտ Մայիս 15-ին կայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Գանատայի յանձնաժողովին ամփոփիչ նիստը` Գանատայի հայկական կազմակերպութիւնները ներկայացնող, երկրի տարբեր շրջաններէն ժամանած պատուիրակներու մասնակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Ողջունելով ներկաները` Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան կարեւոր համարած է 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու համապարփակ ամփոփումը եւ այդ հէնքին վրայ` Գանատայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յառաջիկայ ձեռնարկներուն ծրագրաւորումը: Դեսպանը արձանագրած է, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Գանատայի մէջ կայացած ձեռնարկները իրականացած են բարձր մակարդակով` իրենց ներդրումը ունենալով այդ առնչութեամբ ողջ աշխարհի մէջ կայացած յիշատակի ձեռնարկներուն մէջ:
Այնուհետեւ իրականացուած աշխատանքին վերաբերեալ ելոյթներով հանդէս եկած են յանձնաժողովի ղեկավար Մհեր Գարագաշեանը, ինչպէս նաեւ յանձնաժողովի ներկայացուցիչները` մանրամասն անդրադառնալով Գանատայի տարբեր շրջաններու մէջ իրականացուած յիշատակի ձեռնարկներուն:
Արմէն Եգանեանի կողմէ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան պատուոգրերով պարգեւատրուած են 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու իրականացման աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերած անձերը: