Թորոնթոհայ աշակերտներու ուխտագնացութիւնը դէպի Հայաստան

 

Որպէս Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի փոխ տնօրէն, Ապրիլ 13-էն Մայիս 2, պատիւը ունեցայ մասնակցելու մեր վարժարանի տասներորդ դասարանի տարեկան Հայաստանագնացութեան: 19 աշակերտներով բախտաւորութիւնը ունեցանք ներկայ ըլլալու հայրենի հողին վրայ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պաշտօնական ոգեկոչման: Տեսայ հրճուանք, տեսայ արցունք եւ տեսայ հպարտանք: Այս 19 աշակերտները դիմացս կանգնած, որպէս՝ միաւոր, միասնաբար կ՚արտացոլացնէին՝ ինքնաճանաչ, ուղղամիտ, յանձնառու, յարատեւող եւ պահանջատէր հայ աշակերտի կերպարը։ Ահաւասիկ յաղթանակի արժանի ժողովուրդի յատկանիշները:

Բախտաւորութիւնը ունեցայ նաեւ ականատես ըլլալու շարք մը ներշնչող դէպքերու, որոնք կարելի չէին մէջտեղ գալ հայրենիքէն դուրս որեւէ ուրիշ տեղ:

Մեր Մեծ Մեռելները

Եռաբլուրի գագաթին, Արարատ լերան շուքին տակ, շրջապատուած ննջող առիւծներով, մեր աշակերտները ընդունեցին գերագոյն զոհողութեան խորհուրդը իրենց հոգիներուն մէջ: Զգացին թէ որքա՜ն մաքուր եւ վեհ եղած են այնտեղ ննջողներուն հոգիները եւ որքան քաղցր այդ անմահութեան արժանացածներու «Մահը»: Դիտեցի անոնց, որոնք ծաղիկներով կ’ողողէին հերոսներու շիրիմները եւ թէ ինչպէս իրենց աչքերն էին մերթ թախծոտ՝ օծելու կրանիտներն ու մարմարները եւ մերթ մոլեգնաբար հրածորան, ի բողոք արդարութեան պահանջին: Հերոսներու շիրիմները երկրպագող այսպիսի երիտասարդները հպարտութիւն են. պէտք է ձայն տալ անոնց եւ պէտք է լսել զանոնք՝ պէտք է հաւատալ անոնց ներուժին եւ կարողութիւններուն:

«Հարսանիքը լեռներում»

Շուշիի յաղթական Հունոտի Կիրճը այցելեցինք, ամպերով ծածկուած դաշտը կարծէք ըլլար գարնան հօտ: Մենք քալեցինք մահապարտներու քայլահետքերով յարգանքի մեր տուրքը տալու այդ «խենթ»երուն յիշատակին, որոնք «Հարսանիքը լեռներում» գործողութեան ընթացքին, սոյն կիրճը գիշերուան մութին մագլցեցան, անակնկալի բերելու թշնամին եւ յաղթանակի անհրաժեշտ ընթացքը ստեղծելու Արցախի ազատագրական պայքարի այդ ճակատագրական օրերուն: Ճեղքելով ամպերը հասանք կիրճին ծայրը, ուր աստիճանաբար եւ յետոյ յանկարծ դէպի անդունդ կը տանէր ճամբան: Աշակերտները ասդին ու անդին գտան հանգիստ անտաշ ժայռեր ու անոնց վրայ բազմած, աչքերնին սեւեռեցին դէպի անհունը: Իրօք՝ կարծես այդ ժայռերն ըլլային եկեղեցւոյ նստարաններ, մենք՝ «Հարսնեւորներ»: Սկսանք երգել մեր մարտի երգերը, որ կը հնչէին ինչպէս աղօթք եւ շարական՝ մեր ձայները ուղղուած դէպի սարերը կարծես կ’անմահանային յաւիտեան արձագանգելով անոնց ձորերուն: Արցախի եւ Հայաստանի հարսանիքին՝ արժանաւոր խաչեղբայրներ եւ հարսնաքոյրեր էին մեր աշակերտները: Այդ ժայռերուն յենած, անոնք երկար եւ անխօս պահ անցուցին, անպատճառ ամէն մէկը խոկաց թէ ինչ նշանակութիւն ունի այդ վայրը իրենց համար…

Վահագնով դէպի բերդ

Ապրիլ 24-ին երբ աշխարհով մէկ հայ ժողովուրդը իր պահանջատիրութեան ձայնը կը բարձրացնէր, հազարաւոր հայերու հետ միասին ջահերով բարձրացանք Ծիծեռնակաբերդ: Միասնականութեան լաւագոյն պահերէն մին ապրեցայ: Երկու ժամէ աւելի տեւողութեամբ այդ արշաւին ընթացքին, շրջապատուած խաւարը ճեղքող բոցերով եւ դրօշներու գրկին մէջ՝ մենք թեւ թեւի տուած քալեցինք: Ուխտագնացութիւն էր. մեր նպատակները մեր սրտին կապած իրարու յենած, փաղանգ էինք մենք: Ճամբան կ’արձագանգէր մեր բողոքն ու ցասումը. Սակայն՝ երբ հասանք յուշահամալիրի տարածքին, քար լռութիւն տիրեց եւ խիտ շարքեր անհամար կ’ուղղուէին դէպի անմար բոցը, մեր Սուրբ Նահատակներով հաղորդուելու եւ նուիրուածութեան երդումը վերանորոգելու մեր պայքարին նոր թափ տալով:

Ուշի գիւղ

Մեր վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Պարոն Մարգար Շարապխանեանի առաջնորդութեամբ այցելեցինք Ուշի գիւղը, ուր ան ներկայիս կը բնակի իր տիկնոջ հետ: Մասնաւորաբար այցելեցինք գիւղի վարժարանը, որուն մեծապէս նպաստած էր Պարոն Մարգարը: Հոն մեր աշակերտները առիթը ունեցան շփուելու տեղացի աշակերտներուն հետ: Երբ առիթը տրուեցաւ որ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեան դիմաց խօսք առնեմ, ներկաներուն ուզեցի ներկայացնել թէ Պարոն Մարգարը ինչպէս տպաւորած էր զիս, որպէս իմ աշակերտութեան տարիներու տնօրէն:

 Մեր վարժարանէն ներս էր ուր մեր տնօրէն Պարոն Մարգար Շարապխանեանը 1988-ին մեզ տեղեկացուց Արցախի շարժման մասին եւ ահաւոր երկրաշարժէն լուրերը մեզի փոխանցեց: Ան առաւօտեան մեր հաւաքներուն, մեր խղճերը բացաւ մարդասիրական գործունէութեան, մեր փոքր հասակին: Իսկ 1991-ին՝ կը յիշեմ ինչպէս մեծ խանդավառութեամբ Պարոն Մարգարը մեզի փոխանցեց Արցախի անկախացման եւ Հայաստանի երկրորդ անկախացման լուրերը, որոնք մենք դիմաւորեցինք ծափերով, հուռաներով եւ Մեր Հայրենիք երգելով:

Պարոն Մարգարը թէեւ հիմա մղոններ հեռու, միշտ հոգեպէս ներկայութիւն է իմ առօրեայէն ներս: Անկեղծօրէն, երբ ամէն առտու հասնիմ դպրոց, կարծես զինքը կը տեսնեմ տնօրէնին գրասենեակին դիմաց մեծ ժպիտով: Իր ակնոցներուն ետէն պահանջկոտ նայուածքներ կը յարին ինծի, որոնք անխօս կ’արտայայտուին որպէս ազգային խիղճ, ինչպէս անցեալին: Ան կը չափէր մեր “հասակը”, մեր հոգեկան “հասակը”, մեր հոգւոյն մէջ “հասակ” առնող հայրենասիրութեան “հասակը”, դպրոցի առաքելութեան յաջողութիւնը կ’ուզէր տեսնել մեր մէջ: Եւ մինչեւ օրս, այդ նոյն նայուածքով կը դիմաւորէ զիս, կէս քայլ մը ետ, նախ խիստ նայուածքով կը չափէ, որուն շուտով կը յաջորդէ իր ժպիտը՝մինչ գլուխը թեթեւ մը կը ճօճէ իր հաւանութիւնը տալով: Դժուար է հասկնալ այս ինչ կը նշանակէ եթէ “հասակ” չէիր առած Պարոն Մարգարին շուքին տակ, դպրոցի շրջանաւարտները սակայն կը հասկնան, անշշուկ ըսել կ’ուզէ «Լաւ է տղաս, “հասակ” նետած ես»: Ի վերջոյ, որպէս մեր ութերորդ դասարանի գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դաստիարակ՝ պատիւը ունեցան մեզմէ շատերը իր շունչով եւ յատուկ ապրումով լսելու Խրիմեանի Երկաթէ Շերեփի Ճառը, Թէհլիրեանի սխրագործութեան պատմութիւնը, Դանիէլ Վարուժանի կեանքը եւ գործունէութիւնը: Պատմութիւններ, որոնք մարմնաւորուեցան մեր դիմաց, ներշնչեցին մեզ եւ դրոշմուած մնացին մեր մտքերուն մէջ, մինչեւ օրս:

Պարոն Մարգարը եւ իր նմանները մեծ ազդեցութիւն ունեցան իմ կեանքի որոշումներուն վրայ նամանաւանդ ազգային կեանքէն ներս: Ան միշտ մղեց զիս եւ շատ ուրիշ շրջանաւարտներու դէպի ազգային ծառայութիւն:

Ուխտագնացութեան ընթացքին մեր 19 աշակերտները իրենց հայրենասիրութեամբ, լոկ հպարտանքով լեցուցին հոգիս եւ աւելի հասկցայ Պարոն Մարգարի ունեցած ապրումները իր շրջանաւարտներու հանդէպ: Երէցներ, ծնողներ, միութենական ղեկավարներ եւ դաստիարակներ, ձեր առօրեայ որոշումներով կը կանխորոշենք մեր հաւաքական ապագան: Թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ բաներու համար կը քաջալերենք եւ կը վարձատրենք մեր հասակ առնող պատանին, ի վերջոյ կը ձեւաւորէ մեր ճակատագիրը: Մեր լեզուն ամէն գնով պաշտպանենք, մեր մշակոյթը մեր տուներու եւ հաստատութիւններու մէջ ապրեցնենք: Մեր դարաւոր դատի պայքարը թարմ պահենք դաստիարակելով մեր նոր սերունդը, որպէսզի ըլլան պահանջատէր: Փաստուած ամենէն լաւ ձեւը այս յաջողեցնելու համար՝ օրինակ ըլլալով է մեր հասակ առնող նոր սերունդին, ինչպէս Պարոն Մարգար կը շարունակէ ըլլալ մեզի համար:

Սխալ է նախապաշարումով նոր սերունդը անուանել անհայրենասէր եւ վերագրել մեր դժբախտութիւնները անոր՝ ենթադրելով որ ան անկարող է: Դժբախտաբար մեր պատմութեան էջերուն մէջ դիւրաւ կարելի է գտնել ազգակործանները – դաւաճանը, անհոգը, անձնասէրը, օտարամոլը, շահագործողը. ամէն սերունդ, ինչպէս նաեւ՝ նոր սերունդը, ունեցած է եւ ունի եւ պիտի ունենայ այսպիսի անհատներ:

Դժբախտութիւնը կը գերիշխէ երբ կենդանի սերունդները չեն կարողանար ոգեւորել եւ ներշնչել նոր սերունդը եւ անոր համար կարենալ ստեղծել պայմաններ, որուն տակ իր մէջ պիտի ծլին ազգային պատկանելիութեան եւ ինքնաճանաչման սերմերը:

«Մենք ըրինք, հիմա ձեր կարգն է», ահաւասիկ խօսք մը, որ յաճախ կը լսէ նոր սերունդը երբ ան կ’ուզէ լսել «Ապրի՛ք, մենք ձեր կողքի՛ն ենք»։ Ղեկը հարկաւո՛ր է տալ երիտասարդին, բայց նաեւ՝ անո՛ր թիավարութեամբ առաջնորդուիլ, ո՛չ թէ յանձնել նաւը եւ մնալ ցամաք հեռադիտակով դիտելու անոր երթը: 

Րաֆֆի Սարգիսեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.