Հայ Սահմանապահներուն Կողմէ Ձերբակալուած Երկու Ազրպէյճանցի Զինուորները Վերադարձուեցան
December 21, 2021Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասերէն մէկուն մէջ հայ սահմանապահներուն կողմէ 18 դեկտեմբերին ձերբակալուեցան ազրպէյճանցի զինուած ուժերու երկու սահմանախախտ զինուորներ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ 20 դեկտեմբերին, մարդասիրական նկատառումներով եւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, նշուած զինուորները վերադարձուած են ազրպէյճանական կողմին: