«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» Խորագրեալ Համախմբումը Աւարտեց Իր Աշխատանքները
July 14, 2017«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումը երէկ` Հինգշաբթի, 13 Յուլիսին աւարտեց իր աշխատանքները` յայտարարութիւն մը բանաձեւելով: Վերջին օրուան առաջին նիստին նիւթն էր «Ո՞վ է Սփիւռքի հայը. ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ (Ինքնութեան պահպանո՞ւմ, վերանորոգո՞ւմ, նոր հասկացողութի՞ւն, ...