Հայեցի դաստիարակութեան յատուկ ուշադրութիւն կ՚ընծայենք. Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Լոռի Ապրաքեան
November 25, 2021Հոկտեմբեր 29-ին կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին, Սեփական վարժարաններու ընդհանուր տնօրէնուհիներու եւ տնօրէններու ընկերակցութիւնը (ADIGESEP), իր Julie-Pothier et Excellence մրցանակը, որ 2019-ին հաստատած է, հաւասարապէս շնորհեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Լոռի Ապրաքեանին եւ Externat Mont-Jesus-Marie վարժարանի տնօրէնուհի Stéphanie Godin-ին։ ...