ՀՕՄ-ի «Ռուբինա»Մասնաճիւղը Թորոնթոյի Michael Garron հիւանդանոցին համար դիմակներ կը պատրաստէ
April 14, 20202020-ի առաջին ամիսներէն սկսեալ Գորոնա Ժահրը սեւ ամպի մը պէս մթագնեց տիեզերքի երկինքը ու սարսափի մատնեց համայն աշխարհի բնակչութիւնը խլելով անհամար կեանքեր: Պետութիւն ու առողջապահական մարմիններ անակնկալի եկած՝ սկսան գործադրել կանխարգիլման ամէն միջոց նուազեցնելու համար համաճարակին պատճառելիք վնասները: Բժիշկներ ու ...