Հայ Դատի յանձնախումբը խոր ընդվզում կը յայտնէ Լաչինի միջանցքի վերջին զարգացումներուն անդրադարձող Գանատայի արտգործ նախարարութեան յայտարութեան գծով
April 25, 2023Ապրիլ 25-ին, Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը յայտնէ, թէ Գանատայի արտգործ նախարար Մելանի Ժոլի խորապէս մտահոգուած է Լաչինի միջանցքի վերջին զարգացումներով, յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ սահմանային անցակէտի մը տեղակայումով Լաչինի միջանցքին վրայ, որ միակ ցամաքային կապն է ...