Լաւալի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը զօրակցի Լաւալի քաղաքապետարանի ընտրութիւններու թեկնածու՝ Սեդա Թոփուզեանին եւ Ստեփան Պոյէին
October 29, 2021Սիրելի Լաւալաբնակ հայրենակիցներ, Լաւալի քաղաքապետարանի ընտրութիւնները (élection municipale) տեղի պիտի ունենան Կիրակի, 7 Նոյեմբեր 2021-ին: Ուրախ ենք յայտնելու, թէ այս ընտրութիւններուն Renaud ընտրաշրջանէն թեկնածու ունինք տիկին Սեդա Թոփուզեանը, որ մաս կը կազմէ Mouvement Lavallois-Équipe Stephan Boyer-ի խումբին: Սեդա Թոփուզեան երկար տարիներ ծառայած է ...