Հայ Դատը Քեսապի Հարցով Յստակ Պատասխաններ Կը Պահանջէ Օպամայէն
June 04, 2014ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Շարունակելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնել՝ Մարտ 21ին Քեսապի վրայ իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ Թուրքիայէն կատարուած յարձակումին կապակցութեամբ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան նամակ մը եւս յղած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան, ...