ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՍԱԽՕՍԷ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԱՆՑ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ


 

Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան կարեւոր երեսներէն մէկը հանդիսացաւ իր խօսքը Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեամբ զբաղող կեդրոնին մէջ։ Ողջունելով Վեհափառին այցելութիւնը, կեդրոնին նախագահը Կարտինալ Քոխ (նկարին մէջ Վեհափառին հետ) շեշտեց Վեհափառին կարեւոր դերը միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ։ Ան յիշեց անոր կարեւոր նպաստը, որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր դրական դերը կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ յարաբերութեանց ու աստուածաբանական երկխօսութեան զարգացման մէջ։

 Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը սկսաւ շեշտելով էքիւմէնիք շարժումին կարեւորութիւնը, յատկապէս համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ։ Ապա, Վեհափառը լուսարձակի տակ բերաւ էքիւմէնիք շարժումէն ներս տեղի ունեցող հիմնական փոփոխութիւնները օրակարգի, մտածողութեան, առաջնահերթութեան եւ եկեղեցիներու սպասումներուն ու մասնակցութեան ձեւին ու որակին առնչուած։ Վեհափառը շեշտեց որ ներկայ աշխարհին մէջ էքիւմէնիք շարժումը կարիքը ունի նոր տեսլականի, նոր ինքնահասկացողութեան ու ինքնարտայայտութեան։

Իր կատարած վերլուծումներէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի մասին եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց հոն տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն ու մօտեցումներուն գծով։ Այս ծիրէն ներս, Վեհափառը կոչ ուղղեց յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու եկեղեցւոյ միութեան, աստուածաբանական մտածողութեան, միջ-կրօնական երկխօսութեան, Ողղափառ եկեղեցիներու մասնակցութեան, Աւետարանչութեան ու Ե.Հ.Խ.- Կաթոլիկ եկեղեցի գործակցութեան հետ աղերս ունեցող ծրագիրներուն։ Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ներկայ գործունէութեան ու շեշտեց յիշեալ խորհուրդի աշխատանքը աւելի կազմակերպ ու ազդու դարձնելու անհրաժեշտութիւնը՝ մանաւանդ շրջանէն ներս տեղի ունեցող նոր զարգացումներու լոյսին տակ:

Վեհափառ Հայրապետին խօսքին ներկաներուն կարգին կ’արժէ յիշել Վատիկանի միջ-կրօնական յարաբերութեանց նախագահ Կարտինալ Թորանը եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ:

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան ժամանման առաջին օրը պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքած էր Կարտինալ Քոխը։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դեսպանը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.