Հարցազրոյց Արեւմտահայաստանի ժառանգութեան նուիրուած «Յուշամատեան» կայքէջի հիմնադիր Վահէ Թաշճեանի հետ
March 21, 2016Յուշամատեանը անունն է հանրօգուտ (ոչ-շահաբեր) միութեան մը, որ հիմնուած է Պերլինի մէջ 2010 թուականին։ Անիկա իր առջեւ ունի հիմնական յանձնառութիւն մը, որն է հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել Օսմանեան կայսրութեան հայերուն ապրած կեանքին յիշողութիւնը։ Յառաջիկայ 29-30 Մարտին «Փարիզ Անաքօ» տափանաւուն վրայ ...