Գանատական ընկերութիւն մը պիտի մշակէ Ամերիկահայութեան թանգարանին նախագիծը
December 19, 2014Արեւմտեան Ամերիկայի Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18ին յայտարարեց, թէ գանատական «Լորտ Քալչըրըլ Ռիսորսըզ» հաստատութիւնը սկսած է մշակելու Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին ընդհանուր նախագիծը։ 1981ին հաստատուած վերոնշեալ գանատական ընկերութիւնը կը հանդիսանայ թանգարաններու ծրագրումի եւ մշակութային ...