«Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մեր բռնագրաւուած ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու ցանկագրումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է» Արամ Ա. Կաթողիկոս
February 03, 2016Վերջերս հայկական մամուլը արձագանգեց Հայաստանի Ազգային Արխիւին կողմէ հրապարակուած լուր մը, թէ Պայազիտի եկեղեցւոյ առնչուած կալուածագրեր յայտնաբերուած են եւ թէ Հայաստանի Ազգային Արխիւը հրատարակութեան կը պատրաստէ Արեւմտեան Հայաստանի քանի մը եկեղեցիներու կալուածագրերը: Նկատի ունենալով մեր պահանջատիրութեան ծիրէն ներս ...