«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ 4 Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին


Լիոնել Մեսսի

Լիոնել Մեսսի

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Կրանատան, որ կը գրաւէ նախավերջին դիրքը:

Իսքօ բացաւ մրցումին հաշիւը (12-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պենզեմա (21-րդ), Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (27-րդ), Իսքօ (31-րդ) եւ Քասեմիրօ (58-րդ)` աւելի քան 71 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Մրցում մը նուազ կատարած Ռէալ Մատրիտ, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, այժմ 4 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Սեւիլլան, որ բարձրացաւ 2-րդ դիրք` 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ռէալ Սոսիետատի դաշտէն:

Պարսելոնա, որ երէկ գիշեր դժուարութեամբ` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վիարէալի հետ, նահանջեց 3-րդ դիրք` 5 կէտով ետ մնալով Ռէալ Մատրիտէն:

Մրցումին 90-րդ վայրկեանին, Լիոնել Մեսսի սքանչելի ազատ հարուածով մը նշանակեց Պարսելոնայի հաւասարութեան կոլը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.