Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 7-րդ Յաջորդական Յաղթանակը


Երէկուան մրցումէն PROFOTO

Երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ, որ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ հիւրը եղաւ Հուփսի, շարունակելով իր յաղթանակներու շարքը, արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը` 91-70 արդիւնքով (15-24, 35-45, 51-65 եւ 70-91):

Մինչ ՀՄԸՄ արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը, անդին Հուփս կրեց իր 7-րդ յաջորդական պարտութիւնը:

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսէն Ալի Մըզհեր (21):

Ինչ  կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերուն եւ անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակին, անիկա պարզեց հետեւեալ պատկերը.

Նետիմ Սուէյտ (12 կէտ, 2 թրի փոյնթ, 3 ռիպաունտ), Աթեր Մաճոք (31՛ 12՛՛, 14 կէտ, 13 ռիպաունտ), Էլի Շամուն (16՛ 14՛՛, 8 կէտ, 3 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (0՛ 30՛՛), Քարամ Մըշրեֆ (9՛ 34՛՛, 7 կէտ, 1 թրի փոյնթ), Քեւին Կալոուէյ (35՛ 30՛՛, 6 կէտ, 11 ռիպաունտ), Ֆատի Խաթիպ (29՛ 53՛՛, 19 կէտ, 2 թրի փոյնթ), Հայկ Կէօքճեան (13՛ 06՛՛, 7 կէտ, 7 ռիպաունտ) եւ Տուայն Ճեքսըն (37՛ 45՛՛, 18 կէտ, 2 թրի փոյնթ, 8 ռիպաունտ):

Նշենք, որ մրցումին ընթացքին ՀՄԸՄ առիթով մը ունեցաւ 22 կէտի առաւելութիւն (78-56):

Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Պիպլոս կը հիւրընկալէ Շանվիլը, իսկ վաղը, միեւնոյն ժամուն, Մութթահիտ` Ռիատին, Թրիփոլիի մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.