Կիրոյ Մանոյեան. Փաշինեան ի զօրու չէ իր կատարած ապօրինութիւններուն իրաւական պատասխանատուութիւնը ստանձնելու

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեան, անդրադառնալով Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն, յայտարարած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գործողութիւններն ու ընդդիմութեան դէմ ճնշումները կրնան պայմանաւորուած ըլլալ նաեւ իրաւական պատասխանատուութենէ խուսափելու ձգտումով։

«5-րդ ալիք» հեռուստաընկերութեան «Օրագիր» հաղորդման ընթացքին Մանոյեան անդրադարձած է իշխող ուժի ներկայացուցիչներուն կողմէ ՀՅԴ-ի հասցէին հնչած վերջին յայտարարութիւններուն, ընդդիմութեան դէմ ճնշումներուն, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան։

Խօսելով ՔՊ-ական պատգամաւորի՝ «դաշնակցականութիւնը արմատախիլ ընելու» մասին յայտարարութեան մասին՝ Մանոյեան նշած է, որ նման մօտեցումներ Դաշնակցութեան համար նորութիւն չեն եւ պատմականօրէն կը հասնին մինչեւ բոլշեւիկեան ժամանակաշրջան, երբ նոյնիսկ կազմակերպուած էր «Դաշնակցութեան թաղումը»։

Անոր համոզումով՝ նման յայտարարութիւնները պէտք է դիտարկել ազգային ուժերու եւ հայկականութեան նկատմամբ գործող իշխանութիւններու որդեգրած ընդհանուր վերաբերմունքին շրջագիծին մէջ։ Մանոյեան ըսած է, որ այդ դիրքորոշումները շատ աւելի համահունչ են Հայաստանի հակառակորդներու մօտեցումներուն։

Անդրադառնալով ընդդիմութեան եւ անոր ղեկավարներուն դէմ ընթացող գործընթացներուն՝ Մանոյեան չէ բացառած, որ Փաշինեան այդ ուղին ընտրած է՝ իր իշխանութեան տարիներուն կատարուած քայլերուն համար ապագայ իրաւական պատասխանատուութենէ խուսափելու նպատակով։

«Այնքան խախտած է Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, այնքան ձախողումներ եւ Հայաստանին ի վնաս քայլեր կատարած է, որ չի կրնար անոնց իրաւական պատասխանատուութիւնը ստանձնել», ըսած է Մանոյեան։

Անդրադառնալով Ռոպերթ Քոչարեանի դէմ ընթացող գործընթացներուն՝ ան նաեւ կարծիք յայտնած է, որ Փաշինեանի վերաբերմունքին մէջ անձնական գործօն կրնայ գոյութիւն ունենալ՝ յիշեցնելով, որ Քոչարեանի դէմ պայքարը Փաշինեանի քաղաքական գործունէութեան սկզբնական առանցքներէն մէկը եղած է։

Մանոյեան խօսած է նաեւ TRIPP նախագիծին մասին՝ նշելով, որ անոր շուրջ տակաւին կան բազմաթիւ անպատասխան հարցեր եւ մտահոգիչ դրոյթներ։ Ան քննադատած է նաեւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին մօտեցումը՝ ըսելով, որ դատարանը որոշ դրոյթներ «կամ չէ կարդացած, կամ անուշադիր կարդացած է»՝ զանոնք Սահմանադրութեան չհակասող նկատելով։