Ալլեկրի Կրնայ Փոխարինել Վենկերը


allegri_123016

Եուվենթուսի մարզիչ Մասի-Միլիանօ Ալլեկրի շատ հաւանաբար այս տարեշրջանի աւարտէն ետք տեղափոխուի Անգլիա, յայտնեց «Տը Սան» թերթը:

Անգլիական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Արսենալը սկսած է նոր մարզիչի մը փնտռտուքի աշխատանքին` նկատի ունենալով, որ եթէ ֆրանսացի մարզիչ Արսէն Վենկերի պայմանագրութիւնը չնորոգուի, խումբը պիտի դիմէ Ալլեկրիի:

Նշենք, որ Իտալիոյ ախոյեանին հետ Ալլեկրիի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.