Ֆրանսայի Մէջ 30 Ոստիկաններ Ներխուժած Են Ազրպէյճանցի Ըմբիշներուն Սենեակները


azeri-hotel_90816

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ընթացքին, ֆրանսացի 30 ոստիկաններ խթանիչ դեղերու գործածութեան վերահսկող ներկայացուցիչներու հետ լուսադէմին ներխուժեցին Ազրպէյճանի հաւաքականի մարզիկներուն իջեւանած պանդոկին սենեակները, կը հաղորդէ «Հաքքին.ազ»:

Պանդոկին սպասաւորները եւ աշխատակազմի անձնակազմին անդամները ոստիկանութեան յայտնեցին, որ ազրպէյճանցի ըմբիշներուն սենեակներուն մէջ տեսած են ասեղներ, անոնց անկողիններէն կախուած խողովակէ պարկեր, ինչպէս նաեւ աղբի կողովներուն մէջ թափուած բժշկական դեղերու տարբեր տեսակի տուփեր:

Խթանիչ դեղերու գործածութեան վերահսկող անձերը, որոնք ոստիկանութեան հետ ներխուժած էին սենեակները, բոլոր ազրպէյճանցի մարզիկները քննութիւններու ենթարկեցին:

Այդ քննութիւններուն արդիւնքները, ցարդ չեն հրապարակուած, իր այս լուրը կ՛եզրափակէ News.am-Sport:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.