Թուրքիա. Երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու հարցը
Երկրի խորհրդարանը վաւերացուց երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու մասին սահմնադարութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու առաջարկը:
Մէկ անգամուան համար առաջարկուող սամանադրական այս փոփոխութիւնը 376 թեր, 140 դէմ, 5 ձեռնպահ, 7 դատարկ եւ 3 անվավեր քուէներով հաստատուեցաւ խորհրդարանին կողմէ: Առաջակը, նախագահ Էրտողանի ստորագրութենէն վերջ, գործադրութեան պիտի դրուի: Այսպիսով՝ խնդրոյ առարկաները կը շարունակեն օրէնսդրական մարմնին անդամ մնալ, սակայն առանց անձեռնմխելիութեան իրաւունքի: այսինքն՝ անոնք կրնան դատուիլ եւ բանտարկուիլ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի 138 անդամներու մասին անձեռնխմելիութեան վերացման եւ հարցաքննութեան 667 առաջարկ արդէն կայ: Անոնցմէ 46-ը իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներու , 192-ը՝ Հանրապետական Ժողովրդային, 405-ը՝ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան, 20-ը՝ Ազգայնական Շարժուն կուսակցութեան անդամներու մասին են: Այս փոփոխութենէն վերջ, խորհրդարանը ՝ պարզ քուէարկութեամբ անձեռնմխելիութիւնները վերացնելու իրաւասութիւն կը ստանայ:
Հարցաքննութեան պահանջով ներկայացուած բողոքներուն մեծամասնութիւնը (216 բողոք) ահաբեկչութեան հետ կապ ունի. քաջալերել, քարոզել եւայլն… Յստակ է, որ այդ բողոքները ընդհանրապէս ուղղուած են Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներուն դէմ: Այս կուսակցութեան 50 անդամներուն դէմ ընդհանուր բողոքներու թիւը 450 է:
Ակնյայտ է, որ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամները իրենց քուէներով կրնան «պաշտպանել» իրենց կուսակիցները եւ կրնան դատարան ուղարկել իրենց օսմանացիական երազներու ճամբան խոչընդոտող փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ երեսփոխանները:
Յիշեցնեմ, որ իրենց երդումը քրտերէնով կատարելու համար՝ Թուրիքիոյ խորհրդարանը 2 Մարտ, 1994-ին քիւրտ 6 երեսփոխաններ անձեռնմխելիութենէ զրկած ու անոնց դիմաց բանտի դռները բացած էր:
Այսօրուան քուէարկութիւնը քաղաքական ենթահողի վրայ եղած քայլ է, որ անխուսափելի հետեւանքներու պիտի առաջնորդէ այս երկիրը:
Մարի Մերտխանեան