Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու պատմութեան ժամը նշեց Ս. Զատիկը

Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու պատմութեան ժամի Մարտի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 27 Մարտ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-7:00-ը, Կէօնճեան կեդրոնին մէջ։

Զապէլ Թորոսեանը պատմեց Ժանօ նապաստակին պատմութիւնը։ Անոր խանդավառ հաճելի կերպով պատմելու ոճը ստեղծեց զուարճալի մթնոլորտ մը, ուր մասնակցող փոքրիկները մեծ հաճոյքով եւ ուշադրութեամբ հետեւեցան ներկայացուած պատմութեան:

Ընթերցումէն ետք, զատկուան ուրախ մթնոլորտի մէջ ստեղծագործական աշխատանոցով, պատմողին՝ Զապէլին եւ յանձնախումբին ուղղութեամբ ու ոգեւորող ներշնչումով, փոքրիկները պատրաստեցին Զատկուան յատուկ ձեռային աշխատանքներ։

Շնորհակալ ենք Զապէլէն, որ փոքրիկներուն տրամադրեց Զատկուան նուէրներ, որոնք ուրախութիւն եւ տօնական ջերմութիւն պարգեւեցին անոնց:

Մեր յաջորդ պատմութեան ժամը տեղի պիտի ունենայ այս ուրբաթ, ապրիլ 17-ին, ժամը 6-7-ը։ Արձանագրութեան համար հետեւիալ կապին։

Անհամբեր կը սպասենք ձեզ:

Փոքրերու պատմութեան ժամի յանձնախումբ