Սաղաթէլեան ընդդիմութեան միասնական հանրահաւաքի կոչ ուղղած է
- (0)

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հրատապ յայտարարութեամբ անդրադարձած է վերջին ձերբակալութիւններուն՝ խիստ քննադատելով իշխանութիւններու գործելաոճը եւ զայն բնորոշելով որպէս շարունակական «ապօրինութիւններու շղթայ»։ Ան առաջարկած է կազմակերպել միասնական հանրահաւաք՝ ընդդիմադիր ուժերու մասնակցութեամբ, իշխանութիւններուն պատշաճ հակազդեցութիւն ցուցաբերելու համար։
Սաղաթելեան ընդգծած է, որ իշխանութիւնները հերթական անգամ ձերբակալած են քաղաքական գործիչ մը՝ այս անգամ կին, նշելով, թէ նման քայլերը վերջին տարիներուն դարձած են սովորական երեւոյթ։ Ան նաեւ շեշտած է, թէ բազմաթիւ քաղաքացիներ քաղաքական հայացքներու եւ գործունէութեան պատճառով ենթարկուած են հետապնդումներու եւ ձերբակալութիւններու՝ շինծու մեղադրանքներով։
Միեւնոյն ժամանակ, ան ներկայացուցած է ընդդիմադիր դաշտին ուղղուած առաջարկութիւն՝ կոչ ընելով համագործակցութեան։ Սաղաթէլեան շեշտած է, որ անկախ առկայ տարակարծութիւններէն եւ ընտրական մրցակցութենէն, անհրաժեշտ է միաւորուիլ շարք մը առաջնահերթ հարցերու շուրջ, մասնաւորաբար՝ իշխանութիւններու քայլերուն դիմակայելու, քաղբանտարկեալներու ազատութիւնը ապահովելու եւ ընտրական գործընթացներու վերահսկողութիւնը կազմակերպելու նպատակով։
Սաղաթէլեան եզրափակած է իր խօսքը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ համատեղ գործողութիւններով կարելի է կանխել նման զարգացումները՝ ընդգծելով, որ առանձին ուժ մը դժուար թէ կարողանայ դիմակայել ստեղծուած իրավիճակը։