Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կը շնորհաւորէ նորընտիր Առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը

 

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋԱՆՈՐԴ
ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉԱՐԵԱՆԻՆ

Սրբազա՛ն Հայր,

Ընդունեցէք ջերմ ոջոյններս եւ շնորհաւորանքներս Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելու առիթով: Ձեր` մանկավարժի ու հոգեւորականի հարուստ փորձն ու մէկ տասնամեակէ աւելի Սպահանի Հայոց Թեմին եւ հարաւային իրանահայութեան Առաջնորդական պաշտօնին անմնացորդ նուիրումով ծառայելը, տուած են իրենց ցանկալի պտուղները: Այս նշանակումը Ձեր արժանի գնահատականն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի: Վստահ եմ, որ այն մեծ վստահութիւնը, որ դրուած է Ձեր ուսերուն, Դուք կը կրէք նոյնքան մեծ պատասխանատւութեամբ: Ակնյայտ է, որ Ձեր անխոնջ աշխատանքի շնորհիւ առաւել ամրապնդուեցաւ Սպահանի նահանգային ղեկավարութեան հետ հայերու գործակցութիւնն ու բարեկամութիւնը:

Անկասկած ակնառու են նաեւ եկեղեցական կեանքէն դուրս Ձեր կողմէն կատարուող աշխատանքները թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս: Դուք դատապարտելով Սուրիոյ հայաբնակ քաղաքներու դէմ ահաբեկչական յարձակումները, զայն համեմատեցիք Հայոց Ցեղասպանութեան հետ եւ միջազգային հանրութեան կոչ ըրիք կանխել մարդկային աղէտներու կրկնութիւնը:

Սրբազա՛ն Հայր,

Հայրենիքի հետ Ձեր կապը միշտ ամուր եղած է: Յատկապէս կ’ուզեմ առանձնացնել երկու տարի առաջ Հայաստան այցի ժամանակ Ձեր մասնակցութիւնը զինուորներու երդման արարողութեան։ Զինուորներուն Նոր Կտակարաններ բաժնելով եւ կարեւորելով հայ զինուորի դերը հայոց կեանքէն ներս, Դուք նշեցիք. «Քանի ունինք նման երիտասարդներ, հայ ժողովուրդը պիտի ապրի եւ գոյատեւէ»:

Այո՛, Ձեր խօսքերը այսօր ալ արդիական են: Մեր երիտասարդները այդ մէկը բազմիցս ապացուցած են: Ցաւօք, ապրիլեան յայտնի դէպքերու ժամանակ Արցախի սահմանին նենգ թշնամիի չարամիտ նպատակները կանխելու համար մեր հայ զինուորները կեանքի գնով պահեցին մեր հայրենիքի սահմանները: Յոյսով եմ, որ ատրպէյճանական նախայարձակման ու վայրագութեան դէմ պայքարին, անոնց ռազմական յանցագործութիւնները աշխարհին ներկայացնելու գործին մէջ կարեւոր դեր կը կատարէ նաեւ Գանատայի Հայոց թեմը` Ձեր գլխաւորութեամբ:

Սրբազա՛ն Հայր,

Կ’ակնկալենք, որ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը առաւել կը սերտանայ եւ Գանատայի թեմի հայ համայնքը աւելի ընդլայնուած մասնակցութիւն ու ներգրաւուածութիւն կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագրերուն եւ Հայաստան-Գանատա կապերու զարգացման:

Թո՛ղ Աստծոյ Ամենակարող Աջը միշտ հովանի ըլլայ Ձեզի եւ Գանատայի թեմի երախտագէտ մեր ժողովրդի զաւակներուն:

Թող արգասաւորուին յանուն մեր երկրի հզօրացման ուղղուած բոլոր ջանքերը:

ԽՈՐԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ`

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 

ՀՀ Սփիւռքի նախարար 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.