Արցախի շարունակուող պատերազմը հայութեան գոյապայքարն է

 

Լուսանկարը՝ Յակոբ Պօղոսեանի

Յոյսին աւարտը սկիզբն է մահուան:

Զօր. Շարլ տը Կոլ

Ազգի գոյապայքարը կը շարունակուի եւ ան պէտք է ունենայ համազգային մասնակցութեան տարողութիւն:

Մասնակցութիւնը որակական տարբերութիւն ունի ցուցաբերուած զօրակցութենէ եւ բարեսիրութենէ:

Գոյապայքա՛ր: Բառին համապարփակ իմաստով, ոչ ճառ զարդարելու համար: Դար մը առաջ հայրենահանուած էր հայ ժողովուրդը: Զանգուածներ արմատախիլ եղած եւ տարտղնուած էին: Այդ տարտղնումը կը շարունակուի: Ուրիշներէ գութ հայցելու սովորական դարձած ապաշնորհ տրամաբանութեամբ, կը խօսինք միայն ցեղասպանութեան մասին:

Հայոց իրաւազրկումը ինքնագոհութեամբ կը բանտարկենք գիտութեան եւ գիտական վիճարկումներու մէջ, ասպարէզի նպատակ դարձնելով ցեղասպանութիւնը փաստելու ճիգերը:

Արցախեան գոյապայքարը կրկին հայրենահանման չենթարկուելու պատերազմ է: Ո՞ւր կրնայ կասիլ հայը հայրենազրկելու սկսած եւ չաւարտող կռիւը: Արցախը դարպաս է, ասպարէզի նպատակ դարձնելով ցեղասպանութիւնը փաստելու ճիգերը, սեւեռելու համար ազգի կացութիւնը:

Անհող-անհայրենիք ժողովուրդ չըլլալու գոյապայքար՝ ընդդէմ միջազգային մեղսակցութեան:

Եթէ այսպէս կոչուած «մեծեր»ը յարգած ըլլային իրենց ստորագրութիւնը եւ գործադրուած ըլլար Սեւրի դաշնագիրը, այսօր խաղաղութիւն հաստատուած կ’ըլլար աշխարհի այն շրջանին մէջ՝ ուր կայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, չէինք ունենար ազգը ամէն օր մաշումի ենթարկող սփիւռքեան կացութիւնը, համախմբուած ժողովուրդ կ’ըլլայինք, զարգացման աշխարհագրական եւ տարածքային բնական պայմաններու կը ստեղծուէր ամուր պետութիւն եւ տնտեսութիւն:

Խորհիլ «Ուիլսընեան սահմաններ»ու ընձեռելիք կարելիութիւններուն վրայ:

Մեր թշնամիները աշխարհագրական մեկուսացման ենթարկած են մեզ: Անոնք իրենց դերին մէջ են:

Ինչպէս պիտի որակենք մեր բարեկամները, դաշնագիր ստորագրող մեծերը, որոնք պարկեշտ չեղան եւ չյարգեցին ոչ իրենց խոստումները ոչ իրենց ստորագրութիւնը:

Եթէ Ապրիլ 24-ին ցոյց կը կազմակերպենք թրքական դեսպանատուներու առջեւ, հայ ժողովուրդին դէմ վատութիւն գործած պետութիւններուն ըսելիք չունի՞նք: Ճղակտոր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Սեւրի դաշնագիր ստորագրած պետութիւնները պատասխանատու չե՞ն պատմութեան առջեւ: Ինչո՞ւ չենք խօսիր այս պատասխանատուութեան մասին: Ինչո՞ւ Մայիս 28-ին Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած եւ իրենց ստորագրութիւնը չյարգած պետութիւններուն դէմ չենք կանգնիր բողոքի: Մեր ժողովուրդի անիրաւման վրայ ինչո՞ւ մեղսակցութեան ջաղացքի քար դրին եւ այդպէս կը շարունակեն:

Ի՞նչ կը բերեն ազգին եւ մեր տրորուած իրաւունքներու վերականգնման, ասդին-անդին յայտարարուած ցեղասպանութեան ճանաչումները, որոնք լուռ կը մնան նոյն այդ ցեղասպանութեան իսկական դրդապատճառի մասին, որ հայուն հողն էր, ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար, նոյնհետայն հայերը զրկուած էին իրենց հողին վրայ ապրելու իրաւունքէն: Դեռ ոչ ոք ուզեց անունով մը մկրտել այս ոճիրը: Եւ մենք մեզ կ’օրօրենք ճանաչումներով եւ անոնց ակնկալութեամբ, ամէն տարի կրկնուող սպասման դիպաշար մը, որպէսզի Ամերիկայի նախագահը ըսէ «ցեղասպանութիւն», եւ չեմ գիտեր ո՞ր հայը անոր բերնին մէջ դրած է «մեծ եղեռն» բառը, զոր չի սահմաներ, ոչ ոք կ’ըսէ, թէ «մեծ եղեռն»ի կողքին կա՞յ «փոքրիկ եղեռն» մըն ալ: Եղեռններ:

Կ’ըսե՞նք, որ այսօր կան բազմապատկուող «փոքրիկ եղեռն»եր, զորս մենք ալ չենք դիմաւորեր որպէս այդպիսին:

Ի՞նչ բանի հետեւանք է եւ ի՞նչ բան է Հայաստանէն տեղի ունեցած եւ շարունակուող արտագաղթը: Օրին լսեցի՞նք Սիլվա Կապուտիկեանը, որ ըսաւ, թէ 1915-էն ետք արտագաղթը մեր մեծագոյն եղեռնն է:

Ի՞նչ պէտք է հասկնալ երբ միջազգային կազմակերպութիւնները կ’ահազանգեն, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու է, այսինքն կրնայ ի սպառ անհետանալ: Ինչո՞ւ արեւմտահայերէնը վտանգուած պիտի ըլլայ: Իր հողին վրայ չապրող ժողովուրդ մը, որ ենթակայ է բազմաթիւ լեզուներու եւ մշակոյթներու լուռ նախայարձակումներուն, ինչպէ՞ս իր լեզուն պիտի պահէ, հետեւաբար նաեւ իր ինքնութիւնը:

Այդ հողը ո՞ւր է, ո՞վ եւ որոնք մեղանչած են:

Ֆրանսան կրնայ ճանչնալ եւ օրէնք ընդունիլ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, բայց իր «փոքրիկ դաշնակից»ի Կիլիկիան ինչո՞ւ ընծայ տուաւ այն պետութեան, որ ցեղասպանութիւն գործած էր, դառնալով անոր առարկայական դաշնակիցը:

Նորին վեհափառութեան Անգլիան, որուն վարչապետը ըսած էր, որ պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ թրքական տիրապետութեան հետք պիտի չմնար, իր խոստումը եւ իր ստորագրած դաշնագիրը ծալեց եւ վրան նստեցաւ: Պատերազմէն վերջ առեւտուրը կը սկսի:

Խորհրդային Միութիւնը համաշխարհային յեղափոխութեան երազին զոհեց հայոց իրաւունքները, եւ հարիւր հազարաւոր զոհերով «հայրենական պատերազմ»ին մասնակցած եւ զոհուած ժողովուրդին իրաւունքները բարձի թողի ըրաւ: Այսօր դիւանագիտութիւն կը խաղայ անոր իարաւայաջորդ Ռուսիան, որ «9 մայիս» կը տօնէ, բայց չի խօսիր հայոց հայրենիքի ամբողջացման մասին, նոյնիսկ Արցախի հարցով մէկ քայլ այս կողմ մէկ քայլ կողմ պարելով, կը մաշեցնէ ազատագրական պայքար մղող հայ ժողովուրդը:

Ամերիկացի ժողովուրդը եւ անոր ղեկավարները միթէ՞ անտեղեակ են իրենց մեծ մարդասէր նախագահ Ուիսընի Խաղաղութեան Վեհաժողովի որոշումով ստանձնած պարտականութենէն եւ վճիռէն, որ կը գծէր վերածնող Հայաստանի սահմանները:

Եւ ուրիշներ, զորս կը կոչենք «յաղթական դաշնակիցներ», մեղսակից դարձան հայոց իրաւազրկման եւ այդ ընթացքը կը շարունակուի:

Երկու տարի ետք Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակը պիտի ըլլայ:

Ի՞նչ պիտի ըսենք աշխարհին եւ բոլոր անոնց որոնք ցեղասպանութեան իսկական պատճառները կ’անգիտանան եւ մեղսակից դարձած են շարունակուող ցեղասպանութեան, որուն համար իրենց ստեղծած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը յատուկ տարազ սահմանած է, կ’ըսէ՝ «Մշակութասպանութիւն»:

Ազգի եւ ոչ թէ անհատներու տեսանկիւնէ կա՞յ տեսակարար տարբերութիւն ցեղասպանութեան եւ մշակութասպանութեան միջեւ:

Մեր «բարեկամներ»ու եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան բեմէն այս հարցումը պիտի ուղղե՞նք:

Ֆրանսացին կ’ըսէ, թէ «կատուին կատու պէտք է ըսել»: Այսինքն պիտի ըսե՞նք, թէ ո՞վ ի՞նչ բանի մեղսակից է, վար առնելով դիւանագիտական ճապկումներու խայտառակ քողը:

Այսքան գիտակցութիւն պիտի ներշնչե՞նք մեր ժողովուրդի անդամներուն, որպէսզի դադրին իրենց անհատական բարօրութիւնը ազգի իրաւունքին գերադասելէ:

Ներազգային հրավառութիւններէ, երգէ, պարէ եւ փառատօնէ աւելին կը պահանջէ ազգի իրաւունքը:

Արցախ-դարպասը կը ծեծեն զէնքով եւ դիւանագիտական երթեւեկով ծխածածկոյթ կը տարածեն իսկական հարցերուն վրայ:

Խարխափումներէ հրաժարելով, ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորենք գալիքը…ոչ անհատական, ոչ համայնքի, այլ՝ ազգի:

Այս հարցումին միայն հայը պատասխան պիտի տայ:

 Յ. Պալեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.