Տէմիրթաշ, «Մենք կը յիշենք 1915-ի ցեղասպանութեան զոհ գացած բոլոր հայերը»


Հէ-Տէ-Փէ կուսակցութեան համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ, կուսակցութեան Իզմիրի մէջ կազմակերպուած երէկուան հանրահաւաքի ընթացքին յիշատակեց նաեւ 24 Ապրիլը եւ 1915-ի դէպքերը անուանեց ցեղասպանութիւն։

«Այսօր մենք կը յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցը։ Հայերը կը փորձեն ապացուցանել որ սպաննուած են այս հողերու վրայ ապրած հայերը։ 1915-ի թէման այս երկրի մէջ իրական դիմակայութիւն կ՛ապրի եւ մենք բոլորս տէր պէտք է կանգնինք այս հողի վրայ ապրող հայերու կողքին։ Այստեղ պէտք է հաստատուի հաւասարութիւն։ Մենք կը յիշենք 1915-ի ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերը», յայտարարեց Տէմիրթաշ։

Յիշեցնենք որ 2014 թուականին Սէլահատտին Տէմիրթաշ յայտարարած էր որ եթէ ինք Թուրքիոյ Նախագահ ընտրուի, պիտի ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ամէն տարի 24 Ապրիլին պիտի յիշեցնէ հայերու դէմ իրականացած ցեղասպանութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.