ԱՄՆ Հաուայ Նահանգը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը


ԱՄՆ Հաուայ նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատը Մարտ 29-ին ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող 167 բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդեն Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբէն:

Հաուայը ԱՄՆ եօթներորդ նահանգն է, որ ճանչցած է Արցախի Հանրապետութիւնը: Մինչ այդ նմանատիպ բանաձեւեր ընդունուած էին Քալիֆորնիոյ, Լուիզիանայի, Ռոտ Այլընտի, Մեսեչուսեցի եւ Մենի, Ճորճիայի օրէնդսիր մարﬕններուն կողմէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.