Ֆիտան․ Թուրքիա եւ ԱՄՆ կրնան սերտ համակարգումով գործել նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանին։

Իր այցելութեան ծիրին մէջ Ֆիտան ելոյթ ունեցած է նաեւ Թուրքիա–Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու 100-ամեակին նուիրուած քննարկումի մը ընթացքին՝ անդրադառնալով երկկողմ քաղաքական եւ տնտեսական կապերուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն։

Ֆիտան նշած է, որ Թուրքիա–Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները շարունակուած են՝ հակառակ միջազգային համակարգին մէջ արձանագրուած ճգնաժամերուն եւ փոփոխութիւններուն։

Ան նաեւ յայտնած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները կայուն աճ կ՚արձանագրեն, իսկ առեւտուրի ծաւալը հասած է շուրջ 40 միլիառ տոլարի։ Կողմերը նպատակադրած են այդ թիւը հասցնել 100 միլիառ տոլարի։ Ֆիտանի խօսքով՝ այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է վերացնել լրացուցիչ մաքսատուրքերը։

Անդրադառնալով միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերուն՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Անգարան եւ Ուաշինկթըն կրնան սերտ համակարգումով գործել Հարաւային Կովկասի, Սեւ ծովու տարածաշրջանի, Ուքրանիոյ եւ Պալքաններու առնչուող հարցերուն շուրջ։

Այս ծիրին մէջ ան նաեւ նշած է, որ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։