Իսթանպուլի մէջ գողեր կը խոշտանգեն հայուհի մը


«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Մարտ 15-ին, Իսթանպուլի մէջ գողեր կողոպտած են տոքթ. Յակոբ Կոթողեանի բնակարանը ու խոշտանգած են հայ բժիշկին կողակիցը՝ Սիւզան Կոթողեանը:Դիմակաւոր անձեր մտած են մորթագէտ փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի բնակարանէն ներս, մեկուսացուցած են տիկին Սիւզան Կոթողեանը ու գողցած են մէկուկէս միլիոն արժողութեամբ գոհարեղէն եւ դրամ, այնուհետեւ անհետացած են։

Ըստ թրքական թերթերու մէջ տրուած տեղեկութեան, գողերը կապած են տիկ. Սիւզան Կոթողեանի ձեռքերն ու ոտքերը եւ ուզած են ունենալ դրամարկղին գաղտնաթիւը։ Տիկ. Կոթողեան մերժած է տալ այդ թիւը, բայց աւազակները սկսած են հարուածել։ Այնուհետեւ բացած են դրամարկղը ու մէկուկէս միլիոն լիրա (շուրջ կէս միլիոն տոլար) արժէքով դրամ  ու գոհարեղէն առնելով անհետացած են։ Տիկ. Կոթողեան դժուարութեամբ ազատած է կապանքէն ու ոստիկանութեան լուր տուած է։ Զինքը անմիջապէս փոխադրած են հիւանդանոց, ուր փութացած է նաեւ իր կողակիցը։պատմեց որ գողերը երեք հոգի էին, դուռը զարկած էին, Տիկ. Կոթողեան կարծելով որ իր դուստրն է եկողը, դուռը կէս մը բացած էր, բայց գողերը դուռը հրած էին ու բռնի ուժով մտած էին ներս, բաւական ալ խոշտանգած էին Տիկ. Կոթողեանը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.