Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը պատրաստ պիտի ըլլայ ապրիլին. Մուրատ Փափազեան


Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծը պէտք է ըլլայ իրաւական ամուր հիմքերու վրայ: Armenpress.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը:

«Ինչպէս գիտենք, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը հաստատած է, որ խորհրդարանին պիտի ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծը: Նախագահ Օլանտ օրինագիծի պատրաստման գործընթացը վստահած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Գոսթային: Ան շատ լաւ մասնագէտ է, յայտնի իրաւաբան: Նախատեսուած է, որ նախագիծը պատրաստ ըլլայ մինչեւ ապրիլ եւ կառավարութիւնը անիկա ներկայացնէ խորհրդարանին»,- ըսած է Մուրատ Փափազեան` աւելցնելով, որ 10 տարի է այս խնդրին ուղղութեամբ կ՝աշխատին եւ կ՝ուզեն, որ այս տարի անիկա վերջնական լուծում ստանայ: Մուրատ Փափազեանի խօսքով, պէտք է նոր օրինագիծը ըլլայ իրաւական ամուր հիմքերու վրայ, որպէսզի Սահմանադրական դատարանը չբեկանէ:

«Երբ խորհդարանը օրինագիծը քննարկէ եւ հաստատէ, այնուհետեւ անպայման մեր թշնամիները պէտք է հարցը տանին Սահմանադրական դատարան, ինչպէս եղաւ 2012-ին: Հետեւաբար պէտք են ամուր իրաւական հիմքեր, որպէսզի դատարանը չբեկանէ»,- աւելցուցած է Մուրատ Փափազեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ Արցախի հարցին հետ կապուած պիտի տարուի լուրջ աշխատանք, որպէսզի յաջողութիւններ արձանագրուին Արցախի ճանաչման ճանապարհին:

«Չենք կրնար ըսել, որ Արցախը այս տարի պիտի ճանչցուի, բայց գոնէ որոշ հանգրուանի պէտք է հասնինք, առաջ քայլ ընենք: Գիտենք, որ կը խօսուի ղարաբաղեան խնդիրին հետ կապուած նոր առաջարկներու մասին: Չենք կրնար ըսել, որ լաւատես ենք, վերջնական լուծում պիտի ըլլայ, սակայն որեւէ քայլ դէպի խաղաղութիւն պէտք է արձանագրել»,- ընդգծած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը:

Մուրատ Փափազեան նշած է, որ կը նկատուի Ֆրանսայի պատգամաւորներու աշխատանք Արցախի հետ: «Կազմակերպուած են այցելութիւններ Արցախ, եւ տեղւոյն վրայ խնդիրին, իրավիճակին ծանօթանալէն յետոյ պատկերացումները փոխուած են: Այս տարի նոյնպէս կը նախատեսենք տարբեր խումբերու այցելութիւններ կազմակերպել դէպի Արցախ»,- նշած է ան:

Ֆրանսահայութեան համար յաջորդ կարեւոր հարցը սուրահայութեան զօրակցիլն է: «Սուրահայութեան վիճակը ծանր է, շատ կարեւոր է մեր ազգակիցներուն աջակցիլը: Ֆրանսայի հայկական համայնքը իր զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ, որպէսզի փրկուի Սուրիոյ համայնքը: Աջակցութիւնը պիտի ըլլայ թէ՛ նիւթական, թէ՛ մեր կապերու տեսքով»,- ըսած է Մուրատ Փափազեանը` նշելով, որ Ֆրանսա այդքան շատ սուրահայեր չեն երթար, իսկ գացողները, մեծ մասամբ այնտեղ հարազատներ ունին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.