Կը Քննարկուի Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի Կառուցման Ծրագիրը


ԼՂՀ կառավարութիւնը կը քննարկէ Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի կառուցման ծրագիրը: «Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` այս մասին Փետրուար 24-ին ԼՂՀ ԱԺ նիստի ժամանակ  յայտնած է  ԼՂՀ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան` կառավարութեան ուղղուած հարց ու պատասխանի ընթացքին:

ԼՂՀ վարչապետը նաեւ նշած է, որ կառավարութիւնը  կարեւոր կը համարէ  Շուշին մօտ ապագային կրթական, մշակութային, զբօսաշրջային կեդրոն դարձնելը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.